«Յանձնառու եմ Կազան գնելու եւ սեփականացնելու ծրագիրիս եւ թերեւս անկէ բաժիններ` վերաշինութեան համար շնորհեմ Միջին Արեւելքի մէջ այլ պետութիւններու: Կազան ապագայ բարգաւաճման լաւ վայրի մը պիտի վերածեմ եւ հոգ պիտի տանիմ պաղեստինցիներուն եւ անոնց չսպաննուիլը պիտի ապահովեմ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ աւելցնելով. «Հանդիպում մը պիտի ունենամ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալման Սէուտի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ, եւ պաղեստինցի գաղթականներու Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու անհատական պարագաներ պիտի քննարկեմ»:
Ըստ անոր՝ Միջին Արեւելքի պետութիւններ պաղեստինցիները պիտի հիւրընկալեն, «հետս խօսելէ ետք»: «Ըստ Կազան ստանձնելու ծրագիրիս՝ պաղեստինցիները տունդարձի իրաւունք չունին», շեշտեց Թրամփ՝ աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ կրնանք պաղեստինցիները անոնց մօտ փոխադրելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, որովհետեւ երկար տարիներու ընթացքին անոնց միլիառաւոր տոլարներ տրամադրած ենք»:
«Համաս»ի ղեկավարներէն Իզզաթ Ռըշք դատապարտեց Թրամփի յայտարարութիւնները, զանոնք նկատելով «անհեթեթ» եւ Պաղեստինի ու շրջանին վերաբերեալ խոր տգիտութիւն արտացոլացնող:
Ռըշք նշեց, որ Կազան առուծախի առարկայ կալուած մը չէ, այլ բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերու անբաժանելի մէկ մասը:
«Ոչ ոք կրնայ Կազայի բնակիչները հեռացնել իրենց հողերէն, զորս պատերազմը քանդեց: Կազան, Արեւմտեան Ափը եւ Արեւելեան Երուսաղէմը պաղեստինցիներուն սեփականութիւնն են», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան:
Պաղեստինեան հողերու հարցով ՄԱԿի յանձնախումբի նախագահ Նաւի Պիլայ յայտնեց, որ պաղեստինցիները Կազայէն այլ երկիրներ վտարելու Թրամփի մտադրութիւնը «ցեղային մաքրագործման համազօր է»: «Թրամփ ահաւոր կերպով անտեղեակ է միջազգային օրէնքէն ու բռնագրաւումի օրէնքէն: Բռնագրաւուած հողի մը հաւաքականութեան պարտադիր տեղահանութիւնը միջազգային ոճիր մըն է», աւելցուց Պիլայ:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարեց, որ 27 Փետրուարին Գահիրէի մէջ պիտի գումարուի արաբական արտակարգ վեհաժողով մը` քննարկելու համար Պաղեստինեան դատին մէջ վերջին եւ վտանգաւոր զարգացումները: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ կը դատապարտէ պաղեստինցիները դէպի Եգիպտոս, Յորդանան կամ Սէուտական Արաբիա տեղահանելու վերաբերեալ բոլոր յայտարարութիւնները: