13 Փետրուարին, Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց «Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած Արցախի նախկին առաջնորդներուն մտահոգիչ իրավիճակին վերաբերող» կոչը, յայտնեց Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
Փարիզի քաղաքապետին հրաւէրով կոչի ընդունման ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան:
Կոչին մէջ յղում կը կատարուի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի՝ Հայաստան կատարած այցելութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին հետ վերջինիս համերաշխութեան, կը վերահաստատուի Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդի ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:

Այդ կոչով, անդրադառնալով Արցախի նախկին առաջնորդներուն ձերբակալութեան հանգամանքներուն, Ատրպէյճանի մէջ անոնց պահման պայմաններուն եւ անոնց դէմ առաջադրուած շինծու մեղադրանքներուն՝ Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդը կը դատապարտէ Արցախի նախկին առաջնորդներուն ապօրինի ձերբակալութիւնը եւ կեղծ դատավարութիւնները եւ կը պահանջէ անոնց ազատ արձակումը:
Նշենք, որ կոչը Փարիզի Քաղաքապետական խորհուրդի քուէարկութեան ներկայացուց փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա: