«Նոյնիսկ աշխարհի ամէնէն մօտ դաշնակիցներու շրջանակին մէջ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն պէս սերտ յարաբերութիւններ չկան», պնդեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` ընդունելով Թուրքիոյ նոր դեսպան Պիրոլ Աքկիւնը:
Ալիեւ նշեց, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա միշտ ուս-ուսի եղած են:
Ան աւելցուց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան «եղբայրութիւնը եւ բարեկամութիւնը Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր սահմաններէն դուրս կայունութեան, ապահովութեան, խաղաղութեան եւ հանգստութեան բանալիներն են»: