Ուրբաթ, 7 Փետրուարի երեկոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ ընդհանուր փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեանի՝ ներկայ գտնուեցաւ Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ պատրիարք Աւա Գ. Ռոյելի ընդունելութեան պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Յայտնենք, թէ պատրիարքը անցեալ տարի այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:
Սրբազան հայրը յանուն թեմին՝ բարի գալուստ եւ ծաղկուն առաքելութիւն մաղթեց պատրիարքին, որ հովուական այցելութեամբ ժամանած էր Լոս Անճելըս: