

8 Մարտին, կ. ե.ժամը 3։30էն սկսեալ, Կանանց միջազգային օրուան առիթով տեղի պիտի ունենայ Իրանի արդիականացման մէջ երկրին հայ կիներուն ունեցած դերակատարութեան նուիրուած՝ The Armenian Woman, Minoritarian Agency, and the Making of Iranian Modernity, 1860–1979 հատորին ներկայացումը, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 3347 S. San Fernando Road, Los Angeles, CA 90065։
Հատորը պիտի ներկայացնեն անոր հեղինակները՝ դոկտ. Հուրի Պէրպէրեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղ) եւ դոկտ. Թալին Գրիգոր (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղ)։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի շրջանաւարտից միութեան կողմէ, համահովանաւորութեամբ՝ «Ապրիլ» գրատան, ՀԿԲՄին (Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան), Համազգայինին եւ ՀՕՄին։
Հատորը լոյս պիտի տեսնէ 4 Մարտին, Սթենֆըրտ համալսարանի հրատարակչատունէն։