Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ապահովական համաժողովի բացման արարողութեան, որուն զուգահեռ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ։
Փաշինեան տեսակցեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի հետ: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու հետեւողական յառաջընթացին ուղղութեամբ: Ան ընդգծեց, որ բարեփոխումներու օրակարգին ամբողջական իրականացումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Նոյն ատեն, ան շեշտեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան հետ բազմակողմ կապերու ընդլայնումը եւ զարգացումը` զանազան ոլորտներու մէջ կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով:
Քոշթա ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան քայլերը` ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ բարեփոխումները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ: Ան նաեւ յայտնեց Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` ամրապնդելու ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած գործընկերութիւնը եւ խորացնելու համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւնները եւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի խօսնակ Նիլս Շմիթի եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Տոպիաս Քրեմըրի հետ:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց երկկողմ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը եւ կապերու ամրապնդումը, նաեւ՝ միջազգային հարթակներու վրայ: Ան անհրաժեշտ նկատեց զանազան ուղղութիւններով յարաբերութիւններու հետեւողական ընդլայնումը եւ ամրապնդումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային այլ հարցեր:
Փաշինեանի պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեան իր պաշտօնակիցներուն հետ մասնակցեցաւ կլոր սեղան-փակ քննարկումի մը՝ Գերմանիոյ զինուած ուժերու պաշտպանութեան պետ զօրավար Քարսթեն Պրաուէրի հրաւէրով։
Զօր. Ասրեան նաեւ ոչ-պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Արժանթինի իր պաշտօնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕի ռազմական կոմիտէի նախագահին հետ: