Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025ի երեկոյեան, ՀՅԴի Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ, ՍԴՀԿի, ՀՅԴի եւ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութիւններու ներկայացուցիչները ունեցան երկժամեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ արցախահայութեան իրավիճակը եւ տագնապները, Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան ու յա՛տկապէս այստեղի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած ազգային բնագաւառի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մեր տեղական ազգային կեանքը յուզող հարցեր:
Հանդիպումին ՍԴՀԿէն կը մասնակցէին Միհրան Խաչատուրեան (ատենապետ), Ռուբէն Մուղալեան եւ Գրիգոր Մոլոյեան, ՀՅԴէն՝ Կարօ Մատէնլեան (ատենապետ), Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ Արմէն Յովհաննիսեան, ՌԱԿէն՝ Թամար Փոլատեան-Փերոն (ատենապետ), Կարօ Քիւփէլեան եւ Գէորգ Գրիգորեան:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը յաւելեալ թափով ու առանց վարանումի կամ ընկրկումի հետապնդելուն, արցախահայութեան՝ իր հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքը ապահովելուն, Պաքուի մէջ գերի պահուող Արցախի ղեկավարութեան եւ այլ արցախահայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ, ի հեճուկս մեր առջեւ ցցուած բոլոր դժուարութիւններուն, մեր անկախ հայրենի պետականութեան առաւելագոյն ուժերու լարումով եւ նպատակասլաց աշխատանքով նեցուկ կանգնելուն վրայ։
Ցեղասպան Թուրքիոյ եւ անոր գործընկեր Ատրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը կը մնայ առկայ նաե՛ւ այսօր:
Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ նախորդ տարիներուն հաստատուած աւանդութեամբ եւ միացեալ ճիգերով՝ նոր թափ տալ գաղութային Ապրիլեան ոգեկոչման միացեալ կառոյցին (AGC-UACLA), եւ խուռներամ մասնակցիլ նախատեսուած Ապրիլեան ոգեկոչումներուն: Այլ տեղ, կը նախատեսուին նաեւ երեք կուսակցութիւններուն համատեղ ու համահունչ ճիգերով ազգային եւ գաղութային այլ օրակարգեր տանիլ յառաջ:
Ակնյայտ է որ հայ ազգը եւ հայրենիքը վտանգաւոր կացութեան մէջ են, եւ դարձեալ կը գտնուինք դժուարութիւններու ու աշխարհաքաղաքական թոհուբոհի մը մէջ:
Արդ, մեր կոչն է բոլորին՝ համախմբուիլ մեր ազգային եւ միութենական կառոյցներուն շուրջ, կառչած մնալ ազգային պահանջատիրութեան, արժէքներուն եւ մեր իրաւունքներուն ու մասնակցութիւն բերել ազգի ապահովութեան եւ բարօրութեան օգտին տարուող ճիգերուն: Ահա ա՛յդ է ճիչը մեր բիւրաւոր ու սրբադասուած նահատակներուն:
ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
16 Փետրուար 2025