Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան վրդ. Գոգչեան, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճար այցելութեան՝ հաղորդեց, թէ նախարարին այցելութիւնը պաշտօնական չէր եւ թէ ան եկած էր պատարագին մասնակցելու նպատակով։
«Ներկայացուցինք Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան հարցը, անոնց մեկնումին վերաբերող մտահոգութիւնները։ Մարքօ Ռուպիօ նշեց, թէ մեծ թիւով քրիստոնեաներ, որոնց կարգին հայեր, արդէն հեռացած են Սուրիայէն, Լիբանանէն ու միջինարեւելեան այլ երկիրներէն, եւ թէ Ամերիկա ամէն ինչ պիտի ընէ, որ քրիստոնեաները չմեկնին Իսրայէլէն՝ վերոյիշեալ երկիրներու օրինակը չկրկնելու համար։ Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեզի՝ մեր ծառայութեան եւ ջանքերուն համար, խոստանալով իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել մեր արծարծած հարցերն եւ դարձեալ այցելել», յայտնեց Աղան վրդ. Գոգչեան։