
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Փետրուարը կարճ ամիս մը ըլլալով հանդերձ, ունի բազմաթիւ հայկական տօներ ինչպէս Տեառնընդառաջը, Վարդանանցը, շատ անգամ Բարեկենդանը, եւ երբեմն Ս. Սարգիսի տօնը ինչպէս այս տարի։ Այս բոլորին կողքին չմոռնանք Փետրուար 19ը, որ Հայաստանի մէջ 2008էն կը տօնեն իբրեւ «Գիրք Նուիրելու Օր» եւ միաժամանակ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը։
ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐԸ

Յովհաննէս Թումանեան ծնած է 1869ին, Լոռի գաւառի Դսեղ գիղը։ Հայրը գիւղին քահանան էր, հիւրասէր եւ ազնիւ մարդ մը։ «Ինչ որ կայ իմ մէջ լաւ բան՝ հօրիցս է», կ՛ըսէր ան։ Մայրը փնտռուած հեքիաթասաց էր։
Թումանեանը նախակրթութիւնը կը ստանայ գիւղի վարժարանին մէջ, բայց ան կ՛ուզէ ուսումը շարունակել Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեանի անուան վարժարանին մէջ, իսկ հայրը կ՛ուզէ, որ ան ստանայ զինուորական կրթութիւն։ Ի վերջոյ, Թումանեանին կ՛ուղարկեն Թիֆլիսի Ներսիսեան ճեմարան:
Թումանեան18 տարեկանին դպրոցէն հեռանալով կը դառնայ Թիֆլիսի Հայոց առաջնորդարանի քարտուղարը։ Սակայն եկեղեցականներու մասին գրած իր երգիծական մէկ ոտանաւորը պատճառ կը դառնայ, որ այդ պաշտօնէն հեռացուի։
19 տարեկանին ամուսնանալով, Թումանեան հայր կը դառնայ տասնեակ մը զաւակներու, որոնց կ՛ակնարկէր կատակով՝ «Ախպէր, էնքան շատ են, որ անուններն էլ եմ մոռանում»։ Բայց հոս յիշենք իր զաւակներուն անունները՝ Մուշեղ, Աշխէն, Նուարդ, Արտաւազդ, Համլիք, Անուշ, Արփի, Արեգ, Սեդա, եւ Թամար։
Թումանեանին կինը՝ Օլգան, մշտապէս հոգատար եղած է իր ամուսնոյն հանդէպ։ Հաշուի առնելով անոր հոգատարութիւնը, Խրիմեան Հայրիկը կատակով Թումանեանին անուանած էր Օլգայի 11րդ զաւակը։
Թումանեան 20 տարի կ՛ապրի Թիֆլիսի մէջ, շէնքի մը վերնայարկը, ուր շաբաթը երկու անգամ կը հաւաքուէին գրողներ ու մտաւորականներ գրական զրոյց ունենալու։ Այդ հաւաքոյթները կոչուած են «Վերնատան Հաւաքոյթներ»։
Թումանեան 1921ին կը բռնուի դեղնախտէ, որմէ բուժուելու համար կ՛երթայ Պերլին, բայց երկու տարի յետոյ Մոսկուա հասնելով կը մահանայ

ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱԱՐԱՆ
Թումանեանի հայրական տունը Լոռի մարզի Դսեղ գիւղի մէջ տուն-թանգարանի վերածուեցաւ 1939ին: Հոն պահպանուած են մեծ գրողի կեանքն ու գործը ներկայացնող մօտ 300 մեծարժէք ցուցանմուշներ, իսկ բակին մէջ տեղադրուած է իր կիսանդրին եւ կառուցուած է մատուռ, ուր ամփոփուած է բանաստեղծին սիրտը:
Լոռիի բնութիւնը իր աւանդութիւններով, ինչպէս նաեւ անոր հինաւուրց ժողովուրդը իր ցաւերով եւ պայքարներով եղած են Թումանեանի ներշնչարանը։ «Բնութիւնը ինձ համար ամէն ինչ է։ Գուցէ մանկութեան տպաւորութիւններից է, բայց ես ինձ թեթեւ եմ զգում բնութեան մէջ, մանաւանդ մեր սարերում։ Բնութիւնից հեռացողը դժբախտանում է»:
Երեւանի մէջ գտնուող Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը, հիմնադրուած է 1953ին, Ամենայն հայոց բանաստեղծի մահուան 30ամեակին առիթով։ Թանգարանի հիմնադիրը եւ առաջին տնօրէնը եղած է բանաստեղծի դուստրը՝ Աշխէն Թումանեանը։

ԳՈՐԾԵՐԸ
«Անուշ»ը Թումանեանի սիրային եւ ողբերգական նիւթով ամենէն ժողովրդական պոէմներէն մէկն է։ Օփերայի վերածուած է Արմէն Տիգրանեանի կողմէ։
«Յովհաննէս Թումանեանի գրեթէ բոլոր գրուածքները կարելի է այս կամ այն ձեւով երաժշտութեան վերածել, այնքան տրամադրող ու հնչուն են դրանք; Մեր բանաստեղծներից եւ ո՛չ մէկը այնքան չի օգտագործուել յօրինողների կողմից, որքան Յովհաննէս Թումանեանը», ըսած է Տիգրանեան։
Թումանեան մանկական գրականութեան մեծագոյն վարպետն է իր հեքիաթներով, պատմուածներով եւ առակներով։
Այսօր իր մահուընէ հարիւր տարիներ յետոյ «Անխելք Մարդը» «Ոսկիի Կարասը», «Սուտասանը», «Խօսող Ձուկը», «Սուտլիկ Որսկանը», «Ծիտը», «Քաջ Նազարը», «Բարեկենդանը», «Շունն ու Կատուն» եւ բազմաթիւ այլ հեքիաթներ նոր սերունդին մօտ տակաւին ունին նոյն գրաւչութիւնը, ինչպէս միշտ։ Անոնց խորիմաստ միտքերը եւ պատգամները, ներկայացուած սրամտութեամբ, անզուգական են։
Թումանեանի «Շունն Ու Կատուն» այնքան ժողովրդականութիւն շահած է, որ օր մը Թումանեան ըսած է․ «Մի բան գրեցինք, կրակը ընկանք»։ Ան կ՛ըսէր, թէ «ուր որ երթամ հայր-մայր իրենց զաւակները կը բերեն եւ կ՛ըսեն, գիտէ՞ք ով եկած է, «Շունն Ու Կատուն» գրողը։ Երբեմն ալ կը պատահէր, որ այնքան աճապարուած կ՛ըլլային, որ կ՛ըսէին, «եկէք երեխաներ, «Շունն Ու Կատուն» եկաւ….Այսքան ալ խայտառակութիւ՞ն…»։
Հրաշալի են նաեւ Թումանեանի քառեակները, որոնք 4 խտացած տողերու մէջ, կ՛արտայատեն բարիի ու չարի գաղափարը։

ՔԱՌԵԱԿՆԵՐ
Հին աշխարհքը ամէն օր
Հազար մարդ է մտնում նոր,
Հազար տարուան փորձն ու գործ
Սկսուում է ամէն օր:
Լինե՜ր հեռու մի անկիւն,
Լինե՜ր մանկան արդար քուն,
Երազի մէջ երջանիկ,
Հաշտ ու խաղաղ մարդկութիւն:
«Հմայիչ էր Յովհաննէս Թումանեանը, որպէս բանաստեղծ ու մարդ: Նա իր մէջ կրում էր ժողովրդի լաւագոյն գծերը՝գրականութեան մէջ սէր դէպի ժողովրդական ստեղծագործութիւնը, իսկ կեանքում լայն հիւրասիրութիւն եւ սէր դէպի իր ընտանիքն ու երեխաները», ըսած է Մարտիրոս Սարեան։
ԿԱՏԱԿԱՍԷՐ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԸ
Թումանեան կը սիրէր ծիծաղելի պատմութիւններ։
Թումանեանի տասը զաւակները ցրուած էին Թիֆլիսի դպրոցներուն մէջ։ Օր մը Թումանեան կ՛ուզէ այցելել իր թաղի դպրոցը։ Ան կը պատմէ․
Հարցուցի մեր Նուարդը ինչպէ՞ս կը սորվի։ Երեսիս նայեցան եւ ըսին։
– Պր. Թումանեան Նուարդը Յովնանեան դպրոց կը յաճախէ։
– Էհ, իմ զաւակներէս ոչ մէկ այս դպրոցին մէջ չէ՞։
– Հոս են Անուշն ու Արփիկը պատասխանեցին։
– Ինչ իմանամ այնքան շատ են, որ ինչպէս միտքս պահեմ ով, որ դպրոցը կը յաճախէ։
Հոնկէ դուրս ելայ եւ գացի Յովնանեան դպրոց։
– Մեր Նուարդը այստե՞ղ կը սորվի։ Եկած եմ իմանալու թէ ինչպէ՞ս կը սորվի։
Տնօրէնը ծիծաղելով ըսաւ․
– Պր. Թումանեան, Նուարդը անցեալ տարի աւարտեց։
Այնքան ամչցայ, որ միւս դպրոցները չգացի։
ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԱՍՈՅԹՆԵՐԸ
Թումանեանի ասոյթներն ու միտքերը էջեր կրնան լեցնել․ հոս յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը․
1. Առաջին քայլն է դժուար, երկրորդն ինքն իրեն կը գայ:
2. Ջահելութիւնը շատ թանկ բան է, օգտուել պիտի իմանալ, ապրել, վայելել եւ դա հեշտ չի, դա էլ մի տաղանդ է, ճաշակի խնդիր:
3. Գեղեցկութիւն, բարութիւն, ճշմարտութիւն, սրանք են կեանքում հիմնականը:
4. Պէտք է ճանաչէք ձեզ՝ ինքզինքը ճանաչելը ամենամեծ յաղթանակն է…
5. Ամենամեծ թշնամին մեծամտութիւնն է…
6. Դէպի ժողովուրդը, դէպի բնութիւնը, հայոց գրողներ…
7. Աշխարհքին ու մարդուն նայել բարի սրտով ու պայծառ հայեացքով:
8. Ուժը պարզութեան մէջ է…
9. Հոգու ուժ պէտք է ունենալ զէնքի ուժին չդիմելու համար:
10. Աշխարհքին ու մարդուն նայեցէք բարի սրտով ու պայծառ հայեացքով… Արեւի նման նայեցէք աշխարհքին:
11. Ոգեւորութիւնը ամէն բանի գաղտնիքն է: Առանց ոգեւորութեան շնչի գեղարուեստը ոչինչ է:
12. Հէ՜յ ագահ մարդ, հէ՜յ անգոհ մարդ, միտքդ երկար, կեանքդ կարճ,
Քանի՜ քանիսն անցան քեզ պէս, քեզնից առաջ, քո առաջ.
Ի՜նչ են տարել նրանք կեանքից, թէ ինչ տանես դու քեզ հետ,
Խաղաղ անցի՛ր, ուրախ անցի՛ր երկու օրուան էս ճամբէդ:
Թումանեան կը մահանայ 1923ի Մարտ ամսուն։
Մարտ ամիսը, կարծէք զուգադիպութիւն է, որ Թումանեան կոչած էր «գիժ ամիս»
Ա՜խ, է՜սպէս էլ գիժ ամիս.
Մարդու հանգիստ չի տալիս։
Էսօր ուրախ օր կանի,
Վաղը անձրեւ ու քամի.
Առաւօտը պայծառ օդ,
Կէսօրը մութ ու ամպոտ։
Մին հագնում է սպիտակ,
Մին կանաչին է տալիս.
Մի օր ցուրտ է, մի օր տաք,
Մին խնդում է, մին լալիս…
Ա՛խ, է՜սպես էլ գիժ ամիս։
Թումանեանը անմահ է եւ իր գործերը՝ մեր մշակոյթի գոհարներ։
Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարէ դար,
Երնէ՛կ նրան, որ իր գործով
Կ՛ապրի անվերջ, անդադար։
Այո, Թումանեանը կ՛ապրի եւ կը շարունակէ հմայել բոլորս իր մահուընէ դար մը անց։