
Հիմա Ի՞նչ Կ՛ըսեն Ուքրանացիներուն…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միջազգային լրատու աղբիւրներու տարածքին, քանի մը օր առաջ ի վերջոյ պայթեցաւ քաղաքական այն ռումբը, որ կը սպասուէր Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն մուտքէն առաջ իսկ եւ կը կրէ Թրամփ-Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն խորագիրը:

Չենք ուզեր այս սիւնակը ծանրաբեռնել այն մանրամասնութիւններով, որոնց մասին խօսեցան Թրամփ եւ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի բանբերները (չենք ալ ուզեր այժմէն հարցականներ գծել, թէ խօսուածներէն ի՞նչ բան պիտի իրականացնեն, որքա՞նը աչքի փոշի է կամ հակառակորդը մոլորեցնելու խաղ): Աշխարհին համար, շահեկանը եւ ուշագրաւը այն է, որ երկու գերպետութիւններու ղեկավարները, երկա՜ր ընդմիջումէ ետք, ուղղակի հաղորդակցութիւն ունեցած են, խօսած են խաղաղութեան ընտրանքներու մասին (Ուքրանիա, Միջին Արեւելք ու այլուր), որոշեր են դէմ առ դէմ հանդիպում ունենալ Սէուտական Արաբիոյ (եւ ո՛չ թէ Թուրքիոյ…) մէջ: Հիմա, տաք նիւթի պիտի վերածուի սպասուած գերաստիճանին նախապատրաստական շարժումները:
Զուգընթաց՝ նոյնպիսի շահեկանութեամբ ներկայացուեցան Ուքրանիոյ ղեկավարին հետ Թրամփի հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները եւ ի յայտ եկան ուքրանական կողմի… հիասթափութեան նշանները: Ստեղծուեցաւ այլապէս ցանկալի հորիզոն մը, թէ ո՛ւր որ է, Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա շուտով լեզու պիտի գտնեն պատերազմի դադարեցման եւ յարաբերութեանց վերաբնականոնացման շուրջ: Հարց կը մնայ, որ Ուքրանիան մասնակից պիտի ընե՞ն իր ճակատագիրին տնօրինման, թէ՞ Զելենսքիի պիտի վերապահուի բարի հանդիսատեսի դեր մը. այդ մասին ալ նախանշանները յուսատու չեն Քիեւի համար:
Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ, առայժմ երեւութական ձիւնհալի նշաններուն զուգահեռ, արձանագրուեցան քանի մը մանրուքներ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւն էր բանտարկեալ-պատանդներու փոխանակումը: Կա՞յ մէկը, որ չցանկայ իսկական ձիւնհալ…
«ԾԱԽԵԼՈՒ» ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Կարելի է բազմաթիւ գիծեր առանձնացնել՝ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսակցութիւններէն եւ հրապարակային յայտարարութիւններէն, սակայն այստեղ պիտի բաւականանաք քանի մը գլխաւորներով, որոնց գումարը, հասարակ յայտարարը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ «կը ծախեն» Ուքրանիան եւ կ՛ուզեն բանալ այդ երկրին… բնական հարստութիւնները կողոպտելու էջը: Զելենսքի հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրաւ, որ ամերիկացիներուն հետ իր հաղորդակցութեան մէջ այդ հարցը արծարծուած է:
Ի դէպ, սա թրամփեան իւրայատկութիւն չէ, որովհետեւ ամերիկացիք յաճախ կիրարկած են նոյն՝ «բարեկամը ծախելու վարդապետութիւն»ը, որովհետեւ տեղ մը ոտք դրած են որոշ շահերու ակնկալութիւններով ու ատեն մը ետք, ոտքերուն փոշին թօթուելով (քրիստոնէական ի՜նչ առաքինութիւն), քանդուած ու կազմալուծուած երկիր մը ու անոր վարչակազմը նետած են այլատեսակ փոթորիկներու գիրկը, յանձնած այնպիսիներու, որոնք ահաբեկիչ-ոճրագործ ամբաստանուած էին նախորդ փուլին: Աֆղանիստանը միակ օրինակը չէ…
Անմիջապէս նշենք, որ յիշեալ հաղորդակցութիւնները լուսարձակները որոշ չափով հեռացուցին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նոր նախարարին՝ Փիթ Հեկսեթի այն յայտարարութիւններէն, ըստ որոնց՝ ՆԱԹՕին Ուքրանիոյ անդամակցութիւնն ու այդ երկրին՝ նախապատերազմեան սահմաններուն վերականգնումը իրապաշտ բաներ չեն: Սա արդէն ամէնէն աղաղակող վկայութիւնն էր, որ Ուաշինկթըն կը ծախէ Ուքրանիան: Թրամփ խուսափեցաւ կրկնելէ Ուքրանիան գործնապէս թողլքելու այս «վարդապետութիւնը», ու բաւականացաւ ըսելով, որ իր նախարարը հանգամանօրէն արտայայտուած է այդ մասին:
Փակագիծ մը բանանք եւ յիշեցնենք, որ Ուաշինկթընի համար նման «նահանջներ» նորութիւն չեն, այլ վարպետութիւն կը սեպուին: Տարինե՜ր առաջ, ամերիկացիք օր մըն ալ յայտարարեցին, որ պաղեստինցիներուն օգնութեան հասնիլը… արաբական երկիրներուն գործն է, իսկ հիմա ջատագով են ՈՒՆԵՐՎԱի նման միաւորներու լուծարման: Աւելի՛ն, Թրամփի փոխնախագահը, Եւրոպա իր այցելութեան առիթով, ազդանշաններ տուաւ, որ նոյնինքն Եւրոպային՝ ամերիկեան աջակցութիւնը կրնայ սահմանափակուիլ (չէ՞ որ Թրամփ հրապարակ եկած է «Ամերիկան ամէն բանէ առաջ» նշանախօսքով, եւ սակայն, իր վարչախումբին հետ լծուած է իր երկրի՛ն իսկ կրթական, առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովագրութեան գանձանակները կրճատելու արշաւի…): Աղաղակող է, որ խաղաղասէրի պատմուճան հագած՝ թրամփեան ճակատը նա՛եւ քարոզչութիւն կ՛ընէ նախորդ՝ դեմոկրատներու վարչախումբին դէմ, ըսել ուզելով, որ անոնք պատերազմասէր էին, իսկ հիմա իշխանութեան եկած են խաղաղասէրները:
Հեկսեթի արտայայտութիւններուն մէջ կային մանրամասնութիւններ, որոնք այլապէս տեղ գտած էին Թրամփի նորագոյն ու նախընթաց յայտարարութիւններուն մէջ: Հոն արդէն կ՛երեւէին, որ Ուաշինկթըն հակամէտ է ձեռքերը լուալու Ուքրանիոյ օժանդակելու առաքելութենէն, հիմա Ուաշինկթըն կը պահանջէ, որ եւրոպական երկիրները այս իմաստով աւելի ծանր բեռներ վերցնեն իրենց ուսերուն. իսկ եւրոպական երկիրներ շատո՜նց կքած են Ուքրանիոյ զինական եւ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելու (այլապէս Ուաշինկթընէն պարտադրեալ) բեռներու տակ (անցած է 150 միլիառ տոլարի սահմանը), վերջին ամիսներուն, սաստկացած են ապրուստի տագնապներու դէմ բողոքի ցոյցերը, որոնց մէկ ծաւալուն «հատորը» ողողեց Պրիւքսէլի փողոցները, ա՛յն պահուն՝ երբ Միւնիխի մէջ կը բացուէր խաղաղութեան օրակարգով խորհրդաժողովը եւ ուր, փէշերը հաւաքած՝ վազեր-գացեր էր Հայաստանի վարչապետը՝ «խաղաղութեան խաչմերուկ»ը անգամ մը եւս աճուրդի դնելու համար (հաւանաբար իրեն թելադրող ըլլայ, որ զայն տանի «Քրիսթիզ»ի կամ «Սոթպիզ»ի պէս հաստատութիւններ): Այս բոլորը՝ առանց մոռնալու… միլիոնաւոր գաղթականները (այս թղթածրարը, ինչպէս ծանօթ է, միայն ուքրանացի գաղթականներով չէ սահմանափակուած):
Ի՞ՆՉ Կ՛ԸՍԵՆ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ
Եթէ այս հանգրուանին ուրուագծուող նախատեսութիւններն ու ենթադրութիւնները իրականանան, ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Ուքրանիոյ, այսինքն՝ Թրամփները հիմա ի՞նչ կ՛ըսեն ուքրանացիներուն, անկախ անկէ, թէ խօսուածին եւ իրական աշխարհին միջեւ յաճախ անջրպետներ կան եւ մէկը միւսին ներհակ է, նաեւ կայ այն, որ քաղաքական նոր աշխարհին մէջ, շա՜տ սովորական է այսօր ըսածիդ՝ վաղը հակառակը ընելը:
Ուքրանացիք եւ անոնց հողին վրայ հակամարտողները քանի մը օրէն պիտի «տօնեն» ահարկու պատերազմին սկսման երրորդ տարեդարձը: 2022ի Փետրուարէն ասդին տեղի ունեցած մարտերը՝ քանդում, սպանդ, հողերու գրաւում եւ այլն՝ շատո՜նց լուսանցքի վրայ նետած են դառն իրականութիւն մը, որ պատերազմը խորքին մէջ սկիզբ չառաւ երեք տարի առաջ, այլ անիկա ունեցաւ բաւական արիւնալի «նախերգանք» մը, 2014էն սկսեալ: Նորագոյնը՝ վերջին երեք տարիներու փուլը՝ ունեցաւ բազմերես շարժառիթ մը, որուն գլխաւոր խորագիրն էր ՆԱԹՕին Ուքրանիոյ անդամակցութեան առաջադրանքը, եւ ըստ էութեան վերածուեցաւ երրորդ աշխարհամարտի մանրանկարին…:
Շատ խօսուած է այն բոլոր բաներուն մասին, թէ ուքրանացիները նման քայլի մղողը ո՞վ էր, ի՞նչ բացայայտ եւ քողարկեալ հաշիւներով տարուած էր ան, կամ թէ նման քայլ մը ինչո՞ւ ներհակ էր Արեւելք-Արեւմուտք՝ նմանապէս բացայայտ ու քողարկեալ այն համաձայնութիւններուն, որոնք շուրջ 35 տարի առաջ աւարտի մը հասցուցին «Պաղ պատերազմ»ը եւ յանգեցան նախ՝ Պերլինի Պատին, յետոյ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզման, կարմիր կայսրութեան տարանջատման, իսկ կարճ ատեն ետք՝ Արեւելքին վերաձեւաւորման, հին մրցակցութիւններուն նորացման:
Եկէ՛ք, փորձենք պարզ բառերով կարդալ, թէ Ուաշինկթընէն եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքէն ի՞նչ պատգամ ու թելադրանք կ՛ուղղուի ուքրանացիներուն: Թուենք քանի մը ուշագրաւները.
– Ուքրանացինե՛ր, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ալ, մեր վախճանական նպատակներուն մաս կը կազմէ Ռուսիոյ տկարացումը, անոր ներկայացուցած՝ մրցակցային հանգամանքին չէզոքացումը, առնուազն թուլացումը: Դուք եղաք Եւրոպայի այն գլխաւոր ընտրեալը, ուրկէ պէտք էր վարէինք Ռուսիոյ դէմ մեր բազմայարկանի ճակատամարտերը՝ զինուորական, տնտեսական-առեւտրական եւ քաղաքական-ռազմավարական գետիններու վրայ:
– Մենք ձեզ քաջալերեցինք, որպէսզի պահանջէք ՆԱԹՕին անդամակցիլ, հակառակ անոր, որ մեր ճակատամարտերուն ելքերը յստակ չէին: Մեր նախաձեռնութեան մէջ վտանգի մե՜ծ բաժին մը կար, որուն ծանրութեան մեծ մասը պիտի իյնար ձեր ուսերուն: Հիմա, ի՞նչ ընենք, որ դուք ալ մէկ զոհն էք մեր (ձախաւեր) հաշիւներուն։ Մեր մէջ խիղճ-զգացում-բարոյականութիւն մի՛ փնտռէք:
– Եթէ մենք յաջողէինք ձեր ձեռքով ռուսերը նահանջի մատնել, այնքան ալ վստահ պէտք չէր ըլլայիք, թէ ձեր լաւագոյն երազները պիտի իրականանային, որովհետեւ եթէ քիչ մը շրջահայեաց ըլլաք, պիտի տեսնէք, որ ՆԱԹՕի անդամները, ներառեալ վերջին տասնամեակներուն «ակումբը» ընդլայնողները՝ այդքան ալ համերաշխ ու հաշտ չեն իրարու հետ, երբեմն տարբեր գետիններու վրայ իրարու հետ այնքան ուժեղ մրցակցութիւն ունին, որքան պիտի ունենային… հռչակուած թշնամիներու հետ:
– Դուք ձեր ազատ կամքով միացաք մեր անստոյգ արշաւին: Դուք ձեր ազատ կամքով ունեցաք «ազգընտիր» մը, Զելենսքին, որ յանձն առաւ պատկերասփիւռի խեղկատակի դերը վերածել երկրի ղեկավարի պաշտօնի: Հիմա խաբուա՞ծ եւ կռնակէն դաշունահարուա՞ծ կը զգաք: Մեզ մի՛ մեղադրէք: Կ՛ուզէ՞ք մխիթարուիլ. այլ երկիրներու մէջ ալ խեղկատակներ իշխանութեան բերած ենք եւ կը շահագործենք, ձեզի պէս շատե՜ր անցած են մեր դաւադիր ճամբաներէն:
– Մենք զէնքով-զինամթերքով, նիւթապէս, ձեր արտածումներուն ճամբայ բանալով, զինուորական խորհրդականներով եւ արհեստագիտութեան նորագոյն բարիքներով օգնութեան հասանք ձեզի, սակայն ի սկզբանէ պէտք է գիտնայիք (եթէ չէիք գիտեր, մեր յանցանքը չէ), որ ո՛չ ամերիկացի, ո՛չ ալ եւրոպացի զինուորներ պիտի գային կռուելու ձեր բանակներուն կողքին: Ձեր երկիրն ալ մեր ճատրակի մեծ խաղին մէկ քարն է, իսկ թէ ո՞ր քարը՝ պէտք չունիք գիտնալու: Ճատրակի որեւէ խաղի մէջ ելքը կանխորոշուած չ՛ըլլար, ո՛վ որ ալ ըլլայ մրցողը: Եթէ պէտք է՝ ձեզ զոհ կու տանք, ինչպէս որ զոհասեղանին կը դնենք մեր վրայ յոյս դնողները, ճակատամարտերը կը մղենք իրենց ձեռքերով, եթէ տաք ըլլայ՝ գիտէք, թէ որո՛ւն ձեռքը կ՛այրի: Իսկ եթէ անպայման մխիթարուիլ կ՛ուզէք, ըսենք ձեզի. միակ զուարակը չէք…
– Ձեզի տրամադրուած մեր օժանդակութիւններով, մենք սպառեցանք տնտեսապէս եւ… բարոյապէս (անշուշտ քաղաքական աշխարհի մէջ բարոյականութեան մասին խօսիլը ինքնին անիմաստ է): Դուք կռուեցաք քաջաբար, ունեցաք մեծ թիւով զոհեր ու վիրաւորներ, ձեր քաղաքները քար ու քանդ եղան, ռուսերուն զիջեցաք երկրի տարածքին մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը: Հիմա, մենք հասկցած ենք (կը սպասենք որ դուք ալ հասկնաք), որ մեր նախնական բոլոր հաշիւները ճիշդ դուրս չեկան, չենք կրնար ըսել, որ ռուսերը պարտուեցան, ինչպէս որ կը քարոզէիք, եւ մենք ալ ձեր քարոզչութիւնը կը տարածէինք, այսինքն՝ տան հաշիւը չհամապատասխանեց շուկայի հաշիւներուն (անշուշտ չենք ուզեր խօսիլ «ներքին» շահակցութիւններու եւ մրցակցութիւններու մասին): Հիմա, ցնոր տնօրինութիւն եւ նոր դասաւորումներ՝ չենք ուզեր ձեզի օգնել այնպէս՝ ինչպէս կ՛ընէինք վերջին 3 տարիներուն:
– Բաց կը ձգենք ձեզի օգնութիւն տրամադրելու դուռներ, պայմանաւ որ համակերպիք մեր հեռահաս ծրագիրներու նոր «փաթէթ»ին, այսինքն, ձեր երկրի բնական հարստութիւնները դնէք մեր տրամադրութեան տակ. ունիք սուղ մետաղներ, որոնցմով պէտք է սկսիք հատուցել ձեզի տրամադրուած օժանդակութիւններուն գինը: Մի՛ նեղուի՜ք: Այս վերաբերմունքը միայն ձեզի հանդէպ չէ. ուրիշ տեղեր ալ մեր մեծ մրցակցութիւնները կ՛ընենք ձեզի պէս մտածողներուն ձեռքով: Մեր վախճանական նպատակները՝ տարբեր երկիրներու հարստութիւններէն օգտուիլն է. կը տեսնէ՞ք Իրաքի, Լիպիոյ եւ այլոց վիճակը, հիմա ալ Կազայի համար աղուոր ծրագիրներ ունինք, հոն ալ ջարդ ու քանդում եղաւ: Եթէ յաջողինք, պաղեստինցիները պիտի հեռացնենք եւ պիտի աշխատինք շրջանը հասութաբեր գօտիի վերածել: Նոյն տրամաբանութեամբ բայց տարբեր ոճով կը բանինք Գանատայի, Մեքսիքայի, մինչեւ իսկ Կրուելանտայի (Կրինլենտ) հետ, Լիբանանն ու Սուրիան ալ ստորակէտեր են:
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ԿՐՆԱ՞Յ ՀՊԱՐՏԱՆԱԼ
Այս բոլորը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան Զելենսքիի ճակատագիրին վրայ, եթէ անշուշտ անհատի մը կամ վարչախումբի մը ճակատագիրը աւելի ծանր կը կշռէ, քան թէ ամբողջ երկրի մը տառապալից ճակատագիրը:
Զելենսքին ալ, որ մօտիկ անցեալին «յաղթելու ենք»ի պէս յայտարարութիւններով հրապարակ կու գար ներսն ու դուրսը, հիմա կանգնած է փափուկ հողի վրայ: Եւրոպական լրատու աղբիւրներ կը ցուցադրեն ճակատներու վրայ կռուող զինուորներու դառնութիւնները: Անոնք կ՛անդրադառնան, որ Զելենսքիի վարմունքը երկիրը հասցուցած է վնասարար լուծումի մը սեմին, եւ շատ ալ տրամադիր չեն «ծախուելու», այսինքն՝ ընդուելու, որ ներկայի իրողական սահմանները դառնան վերջնական:
Զելենսքի աննահանջ կերպով կը շարունակէ «պէտք է օգնէք մեզի» կոչերը, ուղղուած՝ զինք պատերազմի մէջ նետողներուն, սակայն կը տեսնէ, որ անոնց տրամադրութիւնները փոփոխութեան ենթակայ են, «աշխարհի նոր համակարգ»ին ձեւաւորումը շատ ալ ի նպաստ Ուքրանիոյ չ՛ընթանար:
(Քիչ մը թեթեւնանք: Շշուկներ կան, թէ Զելենսքի Միւնիխի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցեր է «քոմրատ-տաւարիշ» Փաշինեանի հետ եւ պիտի հետեւի եղեր անոր թելադրանքին: Այսինքն ի՞նչ: Այսինքն այն, որ Քիեւ վերադարձին՝ պիտի յայտարարէ, թէ ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատերազմին ելքն ու իրենց պարտադրուելիք նոր վիճակները, «մենք մեզ պարտուած պիտի չզգանք», պիտի համոզէ ժողովուրդը, թէ երկրին արեւելեան գօտին Նոյ նահապետի օրերէն ի վեր Ռուսիոյ պատկանած է եւ թէ՝ իրմէ առաջ, ո՛չ միայն Փորոշենքոն, այլեւ Եանուքովի՛չն էին զայն ռուսերուն յանձնողը: Եւ այս տրամաբանութեամբ ալ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Մայիսին նախատեսուած (եւ բազմիցս յետաձգուած) նախագահական ընտրութիւններուն: Ո՜վ գիտէ, ժողովուրդը կրնայ անոր ալ ձեռքը տալ ծոպաւոր մուրճ մը եւ դարձնել մանտաթաւոր…):
Դուրսէն՝ հեռուէն դիտողին համար, միշտ ալ հարց եղած է ու պիտի մնայ, թէ այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ազգային՝ սլաւական նոյն պատկանելիութիւնը ունեցող ռուսերն ու ուքրանացիները այսպիսի՛ խորութեամբ թշնամիներ դարձած են (կան նաեւ այլ ժողովուրդներ, ինչպէս՝ պելոռուսերը եւ պալթեան այլ երկիրներ): Արդեօք նման թշնամանքի ճամբա՞յ կը յարդարեն ՔՊականները՝ մէկ կողմէ՝ արցախցիներու, միւս կողմէ՝ սփիւռքցիներուս հետ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՆ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱ՞Յ…
Ուքրանիոյ գլխուն եկածները ու գալիքները (Վրաստանն ու ուրիշներ երէկ էին) արդեօք որեւէ բան կ՛ըսե՞ն Հայաստանին ու մասնաւորաբար երկրի ղեկն ու ճակատագիրը իրենց ձեռքը պահողներուն:
Եթէ արագ աչք մը նետենք Հայաստանի բեմի նորագոյն զարգացումներուն, հոն գերիշխող են ապրուստի, այսինքն՝ իշխանութեան կողմէ ժողովուրդը պաշտօնական կողոպուտի ենթարկելու դէպքերը, որոնք տարօրինակօրէն որոշ չափով լուսանցքի վրայ քշած են Արցախի կորուստէն բխած մտահոգութիւնները, հետեւող վտանգները: Պաշտօնական կողոպուտի տարբեր կիրարկումներուն դէմ բողողները ցարդ չեն հասած համընդհանուր շարժումի:
Զուգահեռաբար, տաք կրակի վրայ դրուած է Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան թղթածրարը (բայց ո՞վ դէմ է անդամակցութեան, պայմանաւ, որ թղթածրարը… խորովածի չվերածուի): Արդեօք վաղն ալ «արեւմտամէտները» հրապարակ պիտի նետե՞ն Հայաստանը ՆԱԹՕին անդամ դարձնելու թղթածրար մը: Այս բոլորին դիմաց, կը սարքուին «միջնարարներ», երբ Փաշինեան մը, Սիմոնեան մը եւ այլ ՔՊականներ իրենց խելապատիկէն նոր ցնդաբանութիւններ կը նետեն հրապարակ:
Ուքրանիոյ հանդէպ Ուաշինկթընի եւ առհասարակ Արեւմուտքի՝ այսպէս կոչուած դիմադարձութիւնը, անոր ցարդ չբացայայտուած ծալքերը առայժմ բարիք չեն խոստանար: Նոր օրերու Ողիմպոսի գագաթին բազմած աստուածները թէ ինչպիսի՜ մրցակցութիւններ, շահակցութիւններ ու զոհաբերութեան ծրագիրներ կ՛որոճան՝ բնականաբար չեն գաղտնազերծեր: Լերան ստորոտը կանգնող մահկանացուներուն պարտքն է վերծանել այդ հաշիւները եւ շարժիլ այնպէս՝ որ հաւանական փոթորիկներէն անվնաս կամ նուազագոյն վնասով պրծին, չմատնուին Ուքրանիաներու ճակատագիրին:
Աւարտենք կրկնելով. «Հասկցողին շատ բարեւ»:
14 Փետրուար 2025