
Պաքուի մէջ միայն ատրպէյճանական պետական լրատուական միջոցներու ներկայութեան կը շարունակուի անօրէն կերպով ձերբակալուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու շինծու դատավարութիւնը:
17 Փետրուարին գումարուած նիստը աւարտեցաւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկատմամբ մեղադրական գործին հրապարակումով, կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Շինծու դատավարութեան ընթացքին, Պաքու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան երկու նոր մեղադրանքներ ներկայացուց։ Մէկուն մէջ կը նշուի, որ, իբր թէ, ատրպէյճանցի ուսուցիչները եւ ուսանողները անօրինաբար հեռացուած են իրենց աշխատանքէն եւ արտաքսուած բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մանկավարժական հիմնարկէն։ Միւս մեղադրանքը՝ իբր թէ Արցախի պատերազմին առաւել քան 100 միլիառ մանաթի նիւթական վնաս հասցուած է Ատրպէյճանին:
Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի շինծու գործը կը քննուի անջատ: Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ միայն վերջին երկու նիստերուն ներկայացուեցան Վարդանեանի դէմ առաջադրուած ծանր մեղադրանքները, որոնք առաւել քան չորս տասնեակ են:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեան հաստատեց, որ հայ ռազմագերիներուն դէմ առաջադրուած եւ թարմացուող մեղադրանքները շինծու են, եւ թէ այս ոչ թէ դատավարութիւն է, այլ՝ հայերու նկատմամբ դատաստան։
«Հայերի դատավարութիւններում մենք տեսնում ենք հէնց դատարանների կողմից իմիտացիոն պրոցեսներ (նմանակ գործընթացներ), դատաստանի գործընթաց, սակայն ոչ արդարադատութիւն», շեշտեց Սահակեան:
17 Փետրուարին, Վարդանեան ներկայացուց միջնորդութիւն մը, որ ինք եւ իր փաստաբանը առանձին հանդիպին. դատարանը բաւարարեց զայն: Ընդմիջումէն ետք անոնք ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցին դատարանին, սակայն դատաւորը նոյնիսկ չուզեց քննել զայն:
Վարդանեան տակաւին առաջին նիստի նախօրէին, ընտանիքին միջոցով ահազանգեց Պաքուի ճնշումներուն եւ յօրինուած մեղադրանքներուն մասին: Ան հրաժարեցաւ Ատրպէյճանի տրամադրած հանրային պաշտպանէն: Վարդանեան միակն է հայ գերիներէն, որ ունի մասնաւոր փաստաբան մը` Աւրաամ Պերմանը:
«Գուցէ ձեւական իմաստով տարբերւում է հանրային պաշտպաններից, բայց դա չի նշանակում, որ Վարդանեանի արդար դատաքննութեան իրաւունքը երաշխաւորուած է: Եթէ չափազանց անկախ եւ համարձակ գործունէութիւն իրականացնեն մասնաւոր փաստաբանները, ապա կարող են զրկուել պետական ռեպրեսիաների (ճնշումներու) արդիւնքում փաստաբանական գործունէութիւն իրականացնելու հնարաւորութիւնից: Կան դէպքեր, որ անգամ քրէական հետապնդումներ են նախաձեռնուել», շեշտեց Սահակեան՝ աւելցնելով. «Այս անձինք սիմվոլիկ (խորհրդանշական) են եւ ենթարկւում են անձնական վրէժխնդրութեան, սակայն Ադրբեջանի վերջնանպատակը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը դատել եւ դատապարտելն է»:
Ըստ Սահակեանի` Ատրպէյճան Հայաստանը ներգրաւելով այս գործերուն մէջ՝ նպատակադրուած է միջազգային ատեաններուն մէջ փակել արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի հարցը: Հայերուն դէմ տրուած վճիռներով Պաքու պիտի փորձէ Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ յարձակող, որ «զաւթել է Արցախը»:
Դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 20 Փետրուարին. Վարդանեանի դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 25 Փետրուարին։