
3 Փետրուարին, Մեսեչուսեց նահանգի Ուաթըրթաուն քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկեց Տեքսթըր պողոտայի եւ Հէյզըլ փողոցի խաչմերուկը Արշիլ Կորքիի անունով կոչելու որոշումին օգտին։
Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած Կորքի Փետրուար 1920ին հասած էր Ուաթըրթաուն՝ մաս կազմելով երկրորդ ալիքին հայ գաղթականներու, որոնք Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէին հալածանքներէն ազատելու համար։
Ան Ուաթըրթաունի մէջ ապրեցաւ իր քոյրերուն հետ մինչեւ 1924ի վերջաւորութեան կամ 1925ի սկիզբը, ապա՝ փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք։
Կորքիի արուեստին ազդեցութիւնը եւ անոր շարունակական ներգործութիւնը ժամանակակից արուեստին վրայ անգնահատելի է։
Խաչմերուկը Կորքիի անունով կոչելու առաջարկը ներկայացուցած են «Արշիլ Կորքիի 100ամեակ» տօնակատարութեան աշխատանքային խումբի անդամները։
Արշիլ Կորքիի 100ամեակի նշումը կը ներառէ որմնանկար մը Ուաթըրթաուն-Քեմպրիճ Կանաչ ճամբուն վրայ, ցուցահանդէս մը, ֆիլմի ցուցադրութիւն մը, Կորքիի մասին հաւաքածոյի մը ներկայացումը Ուաթըրթաունի գրադարանին մէջ եւ այլ ձեռնարկներ։