Վիեննայի մէջ, ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի ծիրին մէջ, 20 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւններուն հանդիպումը, կը յայտնէ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան, ըստ որուն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
«Երկկողմ կարեւորուել է տարածաշրջանի ճանապարհների եւ այլ ենթակառուցուածքների շուտափոյթ ապաշրջափակումը եւ տնտեսական յարաբերութիւնների զարգացումը», ընկերային ցանցերու վրայ գրած է Խանդանեան: