
«Պլումզպըրի» հրատարակչութիւնը յայտարարեց, թէ լոյս տեսած է դոկտ. Յասմիկ Խալափեանի «Օսմանեան Կայսրութեան Վերջին Շրջանի Հայ Կիներու Շարժումը. Արդիականութիւն, Ազգայնականութիւն Եւ Սեռ» գիրքը, որ մաս կը կազմէ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի (Նըպրեսքայի համալսարանի «Լինքըն» մասնաճիւղ) խմբագրած «Հայերը Արդի Եւ Վաղ Արդի Աշխարհին Մէջ» շարքին:
Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակները վկայ եղան բուռն վիճաբանութիւններու եւ փոփոխութիւններու ընկերութեան մէջ կիներու դերին մասին: Այս գիրքը կը վերլուծէ օսմանահայ կիներու շարժումին պատմութիւնը: Քննելով հայկական համածիրին մէջ կիներու դերին մասին վէճերը, հայ կիներու կրթութեան, աշխատանքի եւ ամուսնական իրաւունքներու մատչելիութիւնը՝ անիկա կը բացայայտէ, թէ ինչպէս կիները աւելի հզօր դարձան ազգայնական խօսոյթներուն եւ կայսրութեան մէջ բարեփոխումներու աւելի լայն շարժումին շնորհիւ, եւ այն ուղիները, որոնք սահմանափակեցին կամ ընդլայնեցին կիներու գործունէութիւնը:
Արխիւային սկզբնաղբիւրներու լայն շարքէ մը օգտուելով՝ հեղինակը կը տրամադրէ համապարփակ եւ համեմատական վերլուծութիւն մը՝ «Թանզիմաթ»ի շրջանի (բարենորոգումներու շրջան, 1839-1876) վերջաւորութենէն մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբը, օսմանահայ կիներու ընկերային-տնտեսական, քաղաքական, մշակութային կարգավիճակի փոփոխութիւններուն մասին:
Խալափեան գիրքին մասին կ՛ըսէ հետեւեալը. «Շատ ուրախ եմ, որ իմ երկար տարիներու հետազօտական ծրագիրս իրականացած է այս հատորով: Կիներու պատմութիւնը երկար տարիներ հանդիսացած է էական մէկ մասը համաշխարհային գիտութեան եւ ուրախ եմ, որ այս գիրքը, որ նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ կիներու շարժումի պատմութեան, իր տեղը պիտի գտնէ համաշխարհային կիներու պատմութեան աւելի ընդարձակ բնագաւառին մէջ»:
Ըստ Խալափեանի՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին հայ կիներու շարժումը ծագեցաւ ազգային, կայսերական եւ եւրոպական ուժերու բարդ փոխազդեցութենէն, ուր կիները թէ՛ ձեւաւորեցին իրենց ժամանակի զարգացող ազգայնական եւ արդիապաշտական իտէալները եւ թէ՛ ձեւաւորուեցան անոնցմով: «Նոր ազգ»ին շուրջ վիճաբանութիւններուն եւ կայսրութիւնը համակած մշակութային, իրաւական, տնտեսական եւ ընկերային փոխակերպումներուն մէջ, Խալափեան ցոյց կու տայ, թէ կիները ինչպէ՛ս կառավարեցին աւանդութեան եւ արդիականութեան միջեւ լարումը՝ գործուն կերպով նպաստելով ազգայնական ծրագրերուն: Անոնք այդ մէկը ըրին ոչ միայն կատարուող բարենորոգումներուն մէջ իրենց իրաւունքները պաշտպանելով, այլ նաեւ կրթութեան, ընկերային, աշխատանքի եւ ընտանեկան կառոյցներուն մէջ նոր ուղիներ հարթելով:
«Նպատակս եղած է ցոյց տալ, որ կիներուն ջանքերը անբաժանելիօրէն կապ ունին թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային կացութաձեւերուն, յատկանշուած՝ եւրոպական ազդեցութեան, օսմանեան քաղաքականութիւններու եւ հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն միջեւ», կ՚ըսէ Խալափեան՝ աւելցնելով. «Գիրքին մէջ ներկայացուած այս փոխազդու ուժերու նրբին քննութեան միջոցով կը յուսամ, որ իմ ընթերցողները պիտի տեսնեն հայկական արդիականութեան բազմակողմանի բնոյթը եւ պիտի ձեռք բերեն աւելի հարուստ հասկացողութիւն մը այն բարդ շարժառիթներուն մասին, որոնք ձեւաւորեցին հայ համայնքը եւ այն կիները, որոնք առանցքային դերեր խաղացին անոր փոխակերպման մէջ»:
«Այս մէկը յիշատակելի ուսումնասիրութիւն մըն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ կիներու շարժումի պատմութեան մասին, նիւթ մը՝ որ երկար ժամանակ մնացած է անտեսուած», կ՛ըսէ շարքի խմբագիր Տէր Մաթոսեան՝ աւելցնելով. «Խալափեան յաջողութեամբ հիւսած է շարժումին պատմութիւնը՝ զայն տեղադրելով կիներու շարժումներու համաշխարհային, տարածաշրջանային եւ տեղական համածիրերուն մէջ»: