
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Շաբաթ, 10 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շրջանաւարտներու հաւաքոյթը, որ առիթ մը պիտի ըլլայ տօնելու ՀԵԴի առաւել քան 90ամեայ իրագործումները:
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ (900 W. Lincoln Ave., Montebello, CA 90640) տեղի ունենալիք ձեռնարկը պիտի խանդավառեն յայտնի ուտահարներ Անդրանիկ Քիզիրեան եւ Ճան Պէրպէրեան, ինչպէս նաեւ Մէլ Պարսամեան, Գուրգէն Խանզադեան, Ճորճ Պիլէզիքճեան, Երուանդ Գալայճեան, Վիք Մոմճեան եւ Տի.Ճէյ. Լիօ։
ՀԵԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաճիբեկեան կը յայտնէ, թէ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀԵԴի «Երիտասարդական Ջոկատներ» նախաձեռնութեան, որ 1994էն ի վեր նախ Արցախի, ապա Հայաստանի մէջ շինարարական ծրագիրներ եւ պատանիներու յատուկ ամառնային ճամբարներ իրականացուցած է։
Ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Ստեփան Ալթունեան կոչ կ՛ընէ ՀԵԴի բոլոր շրջանաւարտներուն, որ մասնակցին համայնքին քաղաքական աշխուժութեան մեծապէս նպաստած այս կազմակերպութեան նուիրուած ձեռնարկին՝ թարմացնելու համար տասնամեակներ առաջ կերտուած բարեկամութիւնները։
Կանխաւ տեղեր ապահովելու պարագային, տոմսերու սակը 100 տոլար է՝ ՀԵԴի շրջանաւարտներուն համար, 75 տոլար՝ ներկայ ՀԵԴականներուն համար, իսկ սրահի մուտքին՝ յաջորդաբար 125 եւ 100 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքը: