Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք անդրադարձան Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն:
«Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցինք կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ենթակառուցուածքներու եւ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու վերականգնման, տնտեսական գործունէութեան աշխուժացման, որոնց կարգին՝ «3+3» միջազգային խորհրդատուական հարթակի (Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներ եւ անոնց երեք դրացիները` Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան) շրջանակին մէջ բազմակողմ համաձայնագիրներու հիման վրայ: Ընդհանուր առմամբ, կը կարծեմ, թէ շփումը օգտակար էր: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Անգարայի մէջ: Վստահ եմ, որ այս հանդիպումը շօշափելի ներդրում մը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բազմակողմ համագործակցութեան հետագայ զարգացման առումով», ըսաւ Լաւրով: