
23 Փետրուարին, Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն թուրք ծագումով 19 թեկնածուներ երեսփոխան ընտրուեցան:
Կը նշուի, որ թուրք երեսփոխաններէն եօթն ընտրուած են Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն (SPD), նոյնքանը՝ Ձախ կուսակցութենէն (Die Linke), երկուքը՝ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութենէն (CDU), երկուքը՝ Կանաչներու կուսակցութենէն (Grune) եւ մէկը՝ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութենէն (CSU)։
Գերմանիոյ նախորդ խորհրդարանին մէջ ծագումով թուրք երեսփոխաններուն թիւը 18 էր։
Նշենք, թէ այս ընտրութիւններուն, յարաբերական յաղթանակ մը արձանագրեցին պահպանողականները (CDU / CSU)՝ ձեռք ձգելով 208 աթոռներ, իսկ ծայրայեղ աջը (AfD) արձանագրեց պատմական յաջողութիւն մը՝ հասնելով երկրորդ դիրքին եւ տիրանալով 152 աթոռներու։
Պաշտօնաւարտ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի Ընկերվարական կուսակցութիւնը (SPD) այժմ 120 աթոռներով միայն երրորդ ուժն է, իսկ չորրորդը՝ Կանաչներն են՝ 85 աթոռներով։
Եթէ նկատի ունենանք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը բաղկանայ 630 աթոռներէ, դժուար չէ կռահել, թէ երկրին բարդ օրեր կը սպասեն, որովհետեւ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կամ հոսանք յաջողած է ապահովել բացարձակ մեծամասնութիւն մը։
Այս գծով «Նոր Յառաջ»ը կը կատարէ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Ծագումով 19… թուրք Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ։ Ֆրանսահայուս՝ անկարելի է զուգահեռ մը չգծել իրենց եւ մեր իրականութեան միջեւ։ Եթէ նոյնիսկ բոլորովին զանց առնենք Ֆրանսա շատ հին ժամանակներէն հաստատուած հայերու նօսր գաղութը եւ նկատի ունենանք միայն Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուածը, Գերմանիոյ թրքական գաղութը 50 տարիով կը զիջի անոր։ Այսօր, ճիշդ է որ Գերմանիոյ մէջ թուրքերու թիւը լայնօրէն կը գերազանցէ ֆրանսահայութեան թիւը, բայց նայեցէք՝ արդէն ո՛ւր հասած են, մինչ մենք կը հրճուինք, երբ ֆրանսական խորհրդարանին մէջ կ՛ունենանք 2-3 հայ երեսփոխաններ։ Եւ դեռ պէտք է վերլուծման ենթարկել հետեւեալ երեւոյթն ալ։ Տասնամեակներէ ի վեր կը հպարտանանք, կը պարծենանք, որ լաւ համարկուած գաղութ ենք, մինչ Գերմանիոյ թուրքերը այդպէս չեն։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ «համարկուած»ս «նուազ համարկուած»ին, կամ «չհամարկուած»ին չափ չի կրնար յաջողութիւն արձանագրել։ Տեղ մը, ծուռ բան մը չկա՞յ. աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարցումը բանաձեւել սապէս՝ տեղ մը ծուռ բան մը ՉՈՒՆԻ՞ՆՔ…»։