
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով անդրադարձաւ 27էն 29 Փետրուար 1988, Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ գործադրուած ոճրագործութիւններուն, որոնք սկիզբը եղան այդ պետութեան տարածքին պետական անթաքոյց հովանաւորութեամբ եւ ուղղորդումով հայերու դէմ լայնածաւալ ջարդերուն՝ տասնամեակներ շարունակուող ճնշումներն եւ հետապնդումները վերածելով բացայայտ եւ զանգուածային բռնութեան:
«Սումգայիթում հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիների զանգուածային սպանութիւնները եւ խոշտանգումները շարունակուեցին Բաքւում, Կիրովաբադում եւ Մարաղայում՝ նոյն օրինաչափութիւններով եւ զարհուրելի դաժանութեամբ: Այդ իրադարձութիւնների հետեւանքով հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցին, շուրջ կէս միլիոն հայ ենթարկուեց բռնի տեղահանութեան: Բռնութեան քաղաքականութեան շրջափուլերը շարունակուեցին ընդհուպ մինչեւ 2023 թուականի Սեպտեմբեր, երբ ամբողջութեամբ էթնիկ (ցեղային) զտման ենթարկուեց Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը: Վերյիշելով այս իրադարձութիւնները՝ մենք ամէն տարի յարգանքի տուրք ենք մատուցում դրանց անմեղ զոհերի յիշատակին: Միաժամանակ հաւատում ենք, որ այս իրադարձութիւնները միայն ոգեկոչման ամսաթուեր չեն, այլ պահեր՝ արժեւորելու թշնամանքի յաղթահարման անհրաժեշտութիւնն՝ ապագայում դրա դրսեւորումների կրկնութիւնը բացառելու նպատակով», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: