Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան 17էն 20 Փետրուարին, աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Հոլանտա, սակայն գաղութի ներկայացուցիչները ընդհանրապէս մերժեցին անոր հետ հանդիպումներուն մասնակցիլ՝ իբրեւ բողոք Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան:
Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան «Ալֆա Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սինանեանի հետ մերժած են հանդիպիլ Հայ Դատի կառոյցներու ներկայացուցիչները, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ անոր ենթակայ կառոյցները:
«Մենք կը հետեւինք կուսակցութեան ընդհանուր ուղեգիծին, եւ կուսակցութիւնը կը մերժէ Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները: Մենք կեցուածք ունինք այս իշխանութեան հանդէպ, եւ Սփիւռքի յանձնակատարը եւս կը նկատուի այս կառավարութեան մաս: Մեր դիրքորոշումը այն է, որ այս իշխանութիւնը իր գործունէութեամբ դաւաճանած է հայ ժողովուրդին ազգային շահերուն, այդ պատճառով կը հրաժարինք հանդիպումներէն: Անոնք իրենց հանդիպումներուն ընթացքին միշտ սուտ եւ սխալ յայտարարութիւններ կը կատարեն, եւ նոյնիսկ հակաճառելը իմաստ չունի: Մենք բոլորին կոչ ուղղեցինք՝ չհանդիպելու անոր հետ: Ըսինք, որ այս իշխանութեան ներկայացուցիչները որեւէ ազգային դերակատարութիւն չունին, բայց, այնուամենայնիւ, եղան մարդիկ, որոնց հետ հանդիպում տեղի ունեցած է», ըսաւ Աբրահամեան, ըստ որուն, Ալմելոյի մէջ Սինանեանին հետ հանդիպում ունեցած են միայն եկեղեցւոյ վարչական աշխատողները:
«Հանդիպումներ տեղի ունեցան Ալմելոյի եւ Լա Հէյի մէջ, բայց Ալմելոյի մէջ հոգեւորական խաւը մերժեց մասնակցիլ հանդիպումին, միայն եկեղեցւոյ վարչական աշխատողները հանդիպեցան անոր հետ: Որոշ քննադատական հարցեր ուղղուեցան անոր Ցեղասպանութեան ժխտման յայտարարութեան մասին, Մասիս սարին եւ անբաղձալի անձերու գծով: Բայց որքան որ տեղեակ եմ, ան խուսափողական պատասխաններ տուած է, յատկապէս՝ Ցեղասպանութեան մասին հարցումին: Սինանեան այցելեց նաեւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանը: Հոս հարց կը ծագի, թէ ինչ տեսակի երեսպաշտ պէտք է ըլլաս, որ մէկ կողմէ կասկածի տակ առնես Հայոց Ցեղասպանութիւնը, միւս կողմէ երթաս եւ յարգանքի տուրք մատուցանես», եզրափակեց Աբրահամեան: