
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չի յստակացներ, թէ ի՛նչ իրաւական կարգավիճակ պիտի ունենայ իր ներկայացուցած «իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսութեան նախագիծը, արդեօք անիկա տեղ պիտի գտնէ՞ նոր Սահմանադրութեան մէջ եւ արդեօք նաեւ պիտի փոխարինէ՞ Անկախութեան հռչակագիրը:
«Ազատութեան» այս հարցումներուն չեն պատասխանած վարչապետին գրասենեակէն, միայն ըսած են, որ աւելի ուշ Փաշինեան մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցէ:
27 Փետրուարին, Փաշինեան, անդրադառնալով այդ նախագիծին եւ կարեւոր նկատելով անոր վերաբերող քննարկումները, հետաքրքրուած քաղաքացիներուն առաջարկած էր 20-30 հոգիէ բաղկացած խումբերով երթալ կառավարութիւն՝ անկաշկանդ մթնոլորտի մը մէջ զայն քննարկելու համար:
70 հոգի եւ աւելի մեծ խումբեր ձեւաւորելու պարագային Փաշինեան կը խոստանայ անձամբ այցելել իր նախագիծով հետաքրքրուող քաղաքացիներուն բնակավայրերը:
Փաշինեան կը յայտարարէ՝ ապաշրջափակման այն պայմանները, զորս Երեւան առաջարկած է Պաքուին, պէտք է գործեն փոխադարձութեան սկզբունքով: Առանց բովանդակութիւնը գաղտնազերծելու ան պնդեց, որ ատիկա աւելին է, քան առաջարկը: Առաջին փուլով հայկական կողմը կը փորձէ հասնիլ երկաթուղային բեռնափոխադրութեան վերականգնման:
«Մենք առաջարկել ենք լուծում եւ յոյս ունենք, որ Ադրբեջանը դրական կարձագանքի այդ լուծմանը: Ես շատ վերլուծում եմ եւ ուզում եմ հասկանալ՝ իսկ ինչո՞ւ պէտք է Ադրբեջանը բացասական արձագանգի մեր այդ լուծման առաջարկին: Մի քիչ չեմ վերապահի ինձ Ադրբեջանի փոխարէն պատասխանել, բայց օբյեկտիւ (առարկայական) վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ դա մերժելու հիմքեր ուղղակի չկան», ըսաւ Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ Պաքուին առաջարկուած տարբերակը կը համապատասխանէ երկու կողմերուն պատկերացումներուն: Պատասխանելով այն հարցումին, որ հայկական կողմը պատրա՞ստ է Ատրպէյճանին տրամադրել առանց ստուգումներու ճամբայ՝ Փաշինեան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք, ոչ մի անգամ, ոչ մի տեղ, ոչ մի փաստաթղթով, ոչ գրաւոր, ոչ բանաւոր չի պարտաւորուել, չի համաձայնուել, չի ընդունել, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման համատեքստում Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ ձեւով կարող է նսեմացուել կամ որեւէ ձեւով կարող է սահմանափակուել»:
Ընդդիմադիր պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Գեղամ Մանուկեանի համաձայն՝ Երեւան ինչ ալ առաջարկէ, Պաքուն փոխադարձութեան սկզբունքը պիտի չընդունի եւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի պահանջէն պիտի չհրաժարի: Ըստ Մանուկեանի՝ այդ մէկը կը փաստէ նաեւ հայկական առաջարկներուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատականը, թէ անոնք «գործնական նշանակութիւն չունին»:
«Նոյն այս տարիներին՝ Նոյեմբերի 9ի փաստաթղթի ստորագրումից յետոյ բոլոր կոմունիկացիաների (հաղորդակցութիւններու) բացումը, ի վերջոյ, Հայաստան-Ադրբեջան բանակցութիւններում վերածուեց Մեղրիով ճանապարհի հարցի քննարկման, եւ ոչ թէ Ղազախով երկաթուղու բացումն էր, որեւէ այլ ճանապարհի բացումն էր, ամբողջը տեղափոխուեց Մեղրիի այդ երկաթուղու 41-42 կիլոմետրանոց հատուածի շահագործում, որի մասին այսօր շատ ակտիւ (աշխոյժ կերպով) թուրքերն էլ են խօսում», ըսաւ Մանուկեան, աւելցնելով, որ իշխանութիւնը ձախողած է տարածաշրջանային ապաշրջափակման օրակարգով՝ քննարկելով միայն ապաշրջափակման յստակ ուղղութիւն: Ան նաեւ ամբողջ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացը կը նկատէ ձախողած. «Այս ամբողջը լոկ իմիտացիա (նմանակում) է մէկ բանի համար՝ 21 թուականին մուրճը ձեռքին խաղաղութիւն էր քարոզում, 25 թուականին չի ստացել այդ խաղաղութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ հիմա ուղղակի բառախաղերով պէտք է տպաւորութիւն ստեղծի, որ խաղաղութիւն է ստացել», շեշտեց Մանուկեան: