ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջնորդութեամբ հանգուցալուծուեցաւ Հայաստան իր մուտքի արգելքի հարցը:
Յիշեցնենք, որ Փափազեան Յուլիս 2022ին չկրցաւ մուտք գործել Հայաստան: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) օրին չյստակացուց, թէ ի՛նչ պատճառով ան չի կրնար Հայաստան մտնել, այլ բաւարարեցուեցաւ ըսելով, որ Փափազեան «անցանկալի անձ» է, եւ զայն վերադարձուց Ֆրանսա:
Երկու տարի ետք՝ Փետրուար 2024ին, Փափազեան Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի աճիւնի վերայուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու նպատակով Փարիզ այցելող Փաշինեանին Մաքրոնի ներկայութեան հարցուց այս մասին: «Ֆրանսայի նախագահին առջեւ Հայաստանի վարչապետը ընդունեց, որ ինք այդպիսի որոշում մը տուած է, որովհետեւ ես ցոյց կազմակերպած եմ: Ֆրանսայի նախագահին առջեւ ինք ըսաւ, որ ինք է արդարադատութիւնը, որովհետեւ ինք կ՛որոշէ, որ Մուրատ Փափազեանի մուտքը պէտք է արգելուի», ըսաւ Փափազեան:
Նախքան Մաքրոնի միջնորդութեամբ Փաշինեանի հետ զրուցելու կարելիութիւնը, Մուրատ Փափազեան դատ բացած էր Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դէմ, որպէսզի բեկանուի Հայաստան իր մուտքի արգելքի որոշումը: Ան կը պնդէր, որ 16 ամիսներ տեւած դատական նիստերուն ընթացքին ԱԱԾն դատարանին մէջ որեւէ պատճառաբանութիւն չէ ներկայացուցած, թէ ինչո՛ւ կ՛արգիլուի իր մուտքը Հայաստան: Այդ հիմամբ ալ, ըստ դաշնակցական գործիչին, Յունուար 2024ին դատարանը բեկանած է ԱԱԾի որոշումը: Մինչ այդ հասաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահին միջնորդութիւնը:
«Մաքրոն անոր ըսաւ, թէ հիմա, որ Մուրատը շահեցաւ դատը, մի՛ բողոքարկեր: Փաշինեան ընդհատեց խօսակցութիւնը, ըստ երեւոյթին՝ նեղուած էր: Մաքրոն ինծի ըսաւ՝ մնայ հոս, ես կ՛երթամ կը խօսիմ անոր հետ: Ան վերադարձաւ եւ ըսաւ՝ Փաշինեանին ըսի, որ չբողոքարկէ, որովհետեւ դատը շահեցար: Յետոյ Փաշինեան կանգնեցաւ դիմացս եւ ըսաւ՝ «Շահեցա՞ր դատը». անոր ըսի. «Հայ, պարո՛ն վարչապետ, բայց տակաւին 24 ժամ ունիք բողոքարկելու համար»: Ան պատասխանեց՝ ըսելով. «Պիտի չբողոքարկեմ, հիմա կը կապուիմ ԱԱԾին հետ, կ՛ըսեմ, որ չբողոքարկեն», պատմեց Փափազեան:
«Ես գիտէի, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ persona non grata եմ՝ արգելուած է մուտքս, ուղղակի կը բանտարկեն, բայց երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ Հայաստանի մէջ վարչակարգը կրնայ այսպիսին քայլի մը դիմել», եզրափակեց Փափազեան: