Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Էդուարդ Ասրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Յունաստան, հաղորդեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Ասրեան հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաոս Տենտիասի, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար Տիմիթրոս Խուպիսի հետ:
Երկու հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Յունաստան համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Տենտիաս անգամ մը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ աջակցելու Հայաստանի բանակի բարեփոխումներու իրագործման:
Բարձր գնահատելով համագործակցութեան ընթացքը՝ Ասրեան եւ Խուպիս անդրադարձան իրականացուած աշխատանքներուն եւ ծրագրեցին կատարուելիքները:
Լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Նախորդ Դեկտեմբերին, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Յունաստան երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները եւ ստորագրուեցան պաշտպանական համագործակցութեան 2025ի ծրագիրները: