Սուրիոյ Քրտական ինքնավար մարզի կուսակցութիւնները քննադատեցին Դամասկոսի մէջ գումարուած Սուրիոյ Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին մէջ «ձեւական» ներկայացուցչութիւնը` նշելով, որ անիկա չ՛արտացոլացներ «սուրիական հանրութեան բաղադրիչ մասերու իրականութիւնը»:
Քրտական ինքնավար մարզը խորհրդաժողովին չէր հրաւիրուած:
35 կուսակցութիւններու կողմէ ստորագրուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Ազգային երկխօսութեան իսկական խորհրդաժողովը պէտք է ըլլայ համապարփակ, ներառելով հանրութեան մաս կազմող բոլոր տարրերը եւ քաղաքական խումբերը, կուսակցութիւնները, ազդու խմբաւորումները, հասարակական եւ քաղաքացիական ուժերը` երաշխաւորելու համար իսկական երկխօսութիւն մը, որ կ՛արտացոլացնէ սուրիացիներուն կամքը: Իսկ խորհրդաժողովները, որոնք կը գումարուին ձեւական ներկայացուցչութեամբ անհատներու, որոնք չեն արտացոլացներ սուրիական հանրութեան բաղադրիչ մասերու իրականութիւնը, անոնց որոշումները անիմաստ ու անարժէք են: Անոնք անօգուտ են եւ պիտի չնպաստեն երկրին դիմագրաւած տագնապին իսկական լուծումներ գտնելուն»:
Ըստ խորհրդաժողովի կազմակերպիչներուն՝ Քրտական ինքնավար մարզը խորհրդաժողովին չէ հրաւիրուած, որովհետեւ իր զէնքերը պահող որեւէ գոյացութիւն կամ զինուորական խմբաւորում խորհրդաժողովին չէ հրաւիրուած:
«Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու եւ սուրիական հանրութենէն լայն հատուածներու բացառումը կը հաստատէ, որ խորհրդաժողովին նպատակը ձեւական է եւ ուղղուած է արտաքին աշխարհի բաւարարման եւ ոչ թէ ներքին գործընկերներու հետ աւելի լաւ ապագայի մը քննարկման», «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Ֆարհատ Շամի: