ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանի երկնատուր իմաստութեամբ օժտուած ղեկավարը, ներազգային կեանքի մէջ ի՜նչքան համարձակ ու սանձարձակ, ի՜նչքան մենատիրական հակումներով կը գործէ, բայց փոխարէնը՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ այնքան կամակատար, թոյլ ու անջիղ, հաճոյակատա՛ր է: Քիչ կը մնայ որ ան կամովին ստրուկը դառնայ անողոք, գոռոզ թշնամիին՝ Ալիեւին ու անոր կնքահայր՝ Էրտողանին:
Ի տես մեր աչքին առաջ բեմադրուող ողբերգութեան, մարդ ակամայ հարց կու տայ, թէ ո՜ւր մնացին Քոչարեաններու ու Սերժ Սարգիսեաններու, ի՜նչու չէ նաեւ Տէր Պետրոսեաններու ցուցաբերած ճկուն, բայց եւ այնպէս խրոխտ դիւանագէտի առնական կեցուածքը, ըլլայ թշնամիին, ըլլայ բարեկամ պետութիւններու ղեկավարութեան հետ իրենց բանակցութիւններու ընթացքին՝ հաւասարապէս: Իսկ այս պահուս, նորին վսեմութեան պարոն վարչապետը, Ալիեւին հետ իր բանակցութիւններուն ելակէտը դարձուցած է դիմացինին առջեւ ծնկաչոք եկած՝ անհաշիւ, լիաբուռն տալը… Կարծէք Ալիեւին «կոնկոլոզ» քիթէն սկսած է սարսափիլ մեր երկրին ղեկավարութիւնը:
Սակայն, ասոր հետ մէկտեղ կան տակաւին մեր երեկուան սերտ բարեկամ գերպետութեան դէմ անոնց տղայական, անհասկանալի կեցուածքն ու սուր ճօճելները: Հայաստանի նման փոքր պետութիւն մը, որ անողոք թշնամիներով շրջապատուած է, շռայլանքը չունի որեւէ գերպետութեան հետ բախում ունենալու ու թշնամանալու: Ո՜ւր մնաց հիներուն, ճկուն դիւանագիտութեամբ բոլորին հետ լեզու գտնելու խոհեմ ընթացքը: Եկէ՛ք սոյն ճշմարտութիւնը մեր ամենագէտ վարչապետին ու իր շրջապատին հասկցուցէք: Հայրենի քաղաքական ուժերը, ընդդիմադիր թէ իշխանամէտ կուսակցութեան ղեկավարները, միասնաբար պէտք է վերջ մը դնեն մեր սիրելի վարչապետին սանձարձակ գործունէութեան ու անտեղի որոշումներ տալու մենատիրական հակումներուն: Այս պահուս անոր կիրարկած արտաքին քաղաքականութիւնը, ժխտողական, կարճատես ու միամիտ իր էութեամբ դէպի փլուզում կը տանի Հայոց Աշխարհը: Ի տես այդ խայտառակութեան, ակամայ հարցականի տակ պիտի դրուի այն գաղափարը, թէ ինչո՜ւ մէկ գերպետութիւն բաւարարելու համար միւսին երես պիտի դարձնել… Ինչո՜ւ Եւրոպայի, ՆԱԹՕի ու նաեւ Ռուսիոյ հետ լեզու չգտնել ու չվայելել բոլորին բարեկամութիւնը:
Հապա՞ ներկայ իշխանութիւններու կողմէ Եղեռնի ուրացումը: Թշնամիին տնօրինումով երկրին Սահմանադրութիւնը փոխելու նախաձեռնութիւնը… Զանգեզուրի նրբանցքը բանալու աճապարանքը եւ մասնաւորապէս՝ Արցախի հայերու ու անոնց կալանեալ ղեկավարութեան ճակատագրի անտեսումը․ Հայաստանի ներկայ վարչապետի օրօք, կը ցաւինք ըսելու, հայկական պահանջատիրութիւնը դարձած է՝ նահանջատիրութիւն…
Ստանալու շնորհը, անոր վարած արտաքին քաղաքականութեան մէջ, անհաշիւ տալու իրողութեան վերածուած է, իր շուքէն սարսափող մեր վարչապետին իշխանութեան տակ: Անոր դրսեւորած դիւանագիտական միամտութիւնը, բացառիկ երեւոյթ մըն է համաշխարհային ներկայ քաղաքական իրականութեան մէջ, որմէ չի փորձեր ազատիլ խոր քունի մէջ մրափող հայրենի ժողովուրդին կարեւոր մէկ տոկոսը:
Ի տես բոլոր այս բացթողումներուն, կրկնութեան գնով պէտք է մատնանշել, թէ ուրիշ որեւէ երկրի մէջ, պատերազմ ու հողատարածք կորսնցուցած ղեկավար մը անմիջապէս պիտի հրաժարէր իր զբաղեցուցած պաշտօնէն… Փոխարէնը՝ մերինը դեռ կառչած կը մնայ վարչապետի երկնապարգեւ իր աթոռին: Բագրատ սրբազանին սկսած ու անաւարտ թողած շարժման ընթացքին գրած քաղաքական ակնարկիս բովանդակութեան մէջ, յոյս կը յայտնէի որ Արման Թաթոյեանի արտաքինով ու անոր քաղաքական հասունութեամբ անձ մը պիտի նշանակուի վարչապետի պաշտօնին: Անոր ունեցած քաղաքական ու մտաւորական կարողութիւնները նկատի առնելով, տակաւին հաստատ կը մնամ առաջարկութեանս վրայ… Դիւանագիտական խոր կարողութիւններով օժտուած Թաթոյեանը, կարող էր կարճ ժամանակի մէջ Ղարաբաղի հարցը լուծել եւ Հայաստանը վերադարձնել իր նախկին կայունութեան ու տնտեսական վերելքին: Ներկայ դրութեամբ, միջազգային գետնի վրայ, ամէն յարգանք ու պատիւ կորսնցուցած է հայոց պետականութիւնը:
Օն ուրեմն ոտքի՝ հայոց մարտիկներ…
Հերիք է ինչքա՜ն լռեցինք ու համբերեցինք մեռելաթաղներու իշխանութեան պարտուողական երթին: Հայ հասարակութիւնը, սփիւռքեան ու հայրենի իր թեւերով, միամիտ մանուկներու տեղ դրած են վերէն առաքուած վարչապետն ու իր խմբակը, եւ այնպէս կը գործեն, կարծես իրենցմէ աւելի կարող ու հեռատես դիւանագէտներ չունի մեր հասարակութիւնը:
Բագրատ սրբազան, Արման Թաթոյեան ու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պետեր, շտապ օգնութեան հասէք: Ի տես սարքուած խեղկատակութեան ու տիրող անստուգութեան, մարդուս գժուիլն ու սրտի կաթուած իջեցնելը կու գայ… Միթէ ելք մը չկա՜յ… Մենք չենք սպասեր որ Փաշինեան երթայ բնութեան ծոցը հեծանիւ քշած ատեն գլուխը ջարդէ… Սակայն ասոր հետ մէկտեղ, քիչ մը տղամարդութիւն ցոյց տայ, փոխանակ հլու, հնազանդ՝ թշնամիին կամակատարը դառնալու… Անհաշիւ տալու դիմաց, ստանալը նախապայման է…
Ռիչմընտ,
Վըրճինիա
2/26/2025