

Շարժապատկերի աշխարհահռչակ «Օսքար»ներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Մարտին եւ օրուան մեծագոյն մրցանակակիրը՝ հայ դերասաններ Կարէն Գարակիւլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ պատրաստուած՝ բեմադրիչ Շան Պէյքըրի «Անորա» ֆիլմն էր։
Ֆիլմը, որ խլեց «Լաւագոյն շարժապատկեր»ի մրցանակը, նաեւ անցեալ տարուան Քաննի միջազգային փառատօնին հեղինակաւոր «Ոսկեայ Արմաւենի» մրցանակին արժանացած էր։
Կարէն Գարակիւլեան դերասան եւ բեմագիր է. ան ծանօթ է գլխաւորաբար Starlet (2012), Tangerine (2015), եւ Red Rocket (2021) ֆիլմերով, իսկ Վաչէ (Վաչագան) Թովմասեան կատակերգակ է. Հայաստանի մէջ անոր «32 Ատամ» եւ «Վիտամին Ակումբ»ը մեծ տարածում գտած են։ Ան դեր ունէր նաեւ 2012ին հրապարակ հանուած Lost & Found in Armenia ֆիլմին մէջ։