
Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները՝ գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի, ընկերակցութեամբ՝ պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու:
Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» վերանորոգուած սրահին մէջ 68 աշակերտներ գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ոգեկոչելով Վարդանանց յիշատակը խմբական արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով:
Շանլեան, յանուն վարժարանի մեծ ընտանիքին՝ շնորհաւորեց առաջնորդը եւ դրուատեց 8րդ կարգի աշակերտներուն աշխատասիրութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր պետին եւ անոր փոխանցեց այցելու աշակերտներուն ձեռքերով պատրաստուած տուրմերու փունջը:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը հայրական խօսքով եզրափակեց այցելութիւնը՝ խրատելով պատանի աշակերտները՝ «ինչ որ կ՛ընէք, լաւը ըրէք» թելադրանքով եւ անդրադարձաւ անոնց՝ դէպի երիտասարդութիւն տանող տարիքային հանգրուանին եւ դիտել տուաւ, որ ներկայ տարիքը գիտութիւն ամբարելու տարիք է, առ այս, ան յորդորեց լաւ սորվիլ ու մանաւանդ ճանչնալ հայկական վարժարանի ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որ զիրենք կը զատորոշէ այլ վարժարաններու աշակերտներէ:


Խօսելով տօնին մասին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը նախ անդրադարձաւ հայոց պետականութեան պատմական երկու էական թուականներէն՝ 301ին՝ իբրեւ քրիստոնէութեան պետական կրօնք ընդունելուն եւ 405ին՝ իբրեւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի գիրերու գիւտին ընդմէջէն քրիստոնեայ Հայաստանի հայացման՝ նշելով, որ այս երկու արժէքներու ընդելուզման պաշտպանութիւնը կատարուեցաւ 451ի Վարդանանց պատերազմով, Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի սպարապետութեամբ:
«Երեք կարեւոր թուականներ, զորս մինչ օրս կը յիշենք՝ իբրեւ ազգ ու հայրենիք, որովհետեւ այս երեք իրադարձութիւնները մեր ազգի հոգեկերտուածքը կը ցոլացնեն», ըսաւ սրբազանը եւ «վասն Յիսուսի, վասն Հայրենեաց» թեւաւոր խօսքը յիշելով՝ աշակերտներուն բացատրեց, որ «ազգերն ալ ունին յիշողութիւն, որոնք լաւագոյնս կը մեկնաբանեն ազգի մը նկարագիրն ու տեսլականը եւ իմաստ կու տան իրենց կեանքին, հետեւաբար, այս երեք թուականներէն առաջին երկուքը հայ քրիստոնեայ Հայաստանի եւ անոր սեփական լեզուին ու մշակոյթի ստեղծումը կը խորհրդանշեն, մինչ երրորդը՝ 451ը, քրիստոնեայ Հայաստանի պետականութիւնը կը պաշտպանէ՝ հանդիսանալով դարերու ուղենիշ եւ բնօրինակ՝ քրիստոնեայ Հայաստանի գոյութեան պաշտպանութեան համար, նաեւ Սարդարապատի ճակատամարտէն մինչեւ Արցախեան պահանջատիրութիւն»:
Այնուհետեւ, առաջնորդը գնահատեց այցելու վարժարանի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցիչները եւ աշակերտները՝ իբրեւ հայկական երկրորդական վարժարանի ամբողջական ընտանիք, ապա իր հայրական օրհնութիւններուն հետ աշակերտներուն բաշխեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ոսկեհաս Ջրվէժ» հատորէն օրինակներ եւ վզի փայտեայ խաչեր:
Հուսկ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը աշակերտները խումբ առ խումբ հրաւիրեց աղօթքի՝ հոգեւոր տան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ, որուն պատերը կը գեղազարդեն քրիստոնեայ Հայաստանի երեք բաղադրիչ թուականները յատկանշող դէպքերու գեղանկարները: