
18 Մարտիին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Armenian Arts կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ եւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը Հայաստանէն հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ նկարիչ Էդուարդ Հախվերդեանի հետ։
Հանրային հանդիպումին ընթացքին, Հախվերդեանի հետ հարցազրոյցը պիտի վարէ միութեան նախագահ Կիմա Կիրակոսեան։ Ընթացքին պիտի ընթերցուին բանաստեղծին գործերէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ անոր թարգմանած ժամանակակից պարսիկ գրողներու գործերէն նմուշներ։
«Եկէք մեր ներկայութեամբ պատուենք մեր մեծարգոյ հիւրին։ Նա թարգմանել է Ֆ. Ֆորրուղզադի, Սադեղ Հեդայաթի եւ այլոց գործերը, Ղուռանը եւ Աւեստան։ Վերջում կը լինի հարց ու պատասխանի բաժին», կ՛ըսուի կազմակերպիչներուն յղած հաղորդագրութեան մէջ։
Մուտքը ազատ է եւ հիւրասիրութիւն պիտի մատուցուի. վայր՝ 250 N. Orange St., Glendale, CA 91203։