

Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ գումարած իր ժողովին բարի մտածումը ունեցաւ շնորհաւորելու սրբազան հօր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25ամեակը (20 Փետրուար 2000): Գեղամ արքեպիսկոպոսը այս առիթով պատրաստուած գեղեցիկ կարկանդակը հատելէ ետք, ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց Ազգային վարչութեան անդամներուն ջերմագին շնորհաւորանքները՝ աստուածահաճոյ ծառայութիւնը անխափան շարունակելու, առողջութեամբ անսասան մնալու եւ յիսնամեայ ծառայութեան պսակին արժանանալու, ի պայծառացումն Հայ եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին:
Փոխադարձաբար, առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց ուշադրութեան համար եւ ուրախութեամբ ընդգծեց, որ Ազգային վարչութեան հետ համագործակցութիւնը եւ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ միասնական աշխատանքները կը շարունակուին՝ ի նպաստ Ազգային առաջնորդարանի նպատակներու իրագործման եւ թեմի առաւել հզօրացման ու բարգաւաճման:

Յայտնենք, որ նոյն առիթով, Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը եւս քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած առաջնորդին հետ հանդիպումին ընթացքին շնորհաւորեց Գեղամ արքեպիսկոպոսի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25րդ տարեդարձը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները, այս առիթով պատրաստուած շքեղ կարկանդակի մը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսի ձեռամբ հատումէն ետք: Առաջնորդը գնահատեց հայ մօր, կնոջ ու քրոջ նուիրեալ գործունէութիւնը ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի կեանքին մէջ, ապա Տիկնանց օժանդակ մարմինի բոլոր անդամներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները: