Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին փոխհրամանատար Դաւիթ Մանուկեան 6 Մարտին իր եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ յարուցուած շինծու քրէական գործի ծիրին մէջ, Պաքուի դատարանին մէջ ցուցմունք տուաւ:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Մանուկեան հաստատեց, որ ինք Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ վարած է բարձրաստիճան պաշտօն, ունի զօրավարի կոչում եւ կռուած է Ատրպէյճանի բանակին դէմ:
Մանուկեան, իբր թէ յայտարարած է, որ հրազէնը, որ հետագային յայտնաբերուած է իր տան մէջ, հաշուառուած եղած է Հայաստանի ոստիկանութեան մէջ։
Մանուկեան նաեւ յայտնեց, որ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին իր ինքնաշարժը «Պայրաքտար»ով ստացաւ հարուած մը, որուն պատճառով իր վարորդը վիրաւորուեցաւ, իսկ ինք չէր վիրաւորուած, որովհետեւ ինք ինքնաշարժէն 20 մեթր հեռու կը գտնուէր:
Նշենք, որ 6 Մարտի նիստին հարցաքննուեցաւ նաեւ Դաւիթ Ալահվերդեան: