Պաքուի բանտին մէջ անօրինաբար պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը՝ Ճերըտ Կենսըր, 6 Մարտին պատասխանեց 5 Մարտին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն՝ ըսելով, թէ Հայաստանի վարչապետը եւ իշխանութիւնը ոչ մէկ տարրական քայլի ձեռնարկած են Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն համար:
Փաշինեան խորհրդարանին մէջ ըսած էր, որ Հայաստանի վարչապետին աշխատանքային պարտականութիւնն է կեդրոնանալ ոչ միայն մէկ անձի հետաքրքրութիւններուն, այլեւ Հայաստանի պետական շահերուն եւ քաղաքացիներուն շահերուն վրայ:
Շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներու դափնեկիր Ճերըտ Կենսըր, որ պաշտպանած է տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներու շահերը բռնապետական երկիրներու մէջ՝ իր փորձառութիւնը մէջբերելով «Էքս»ի իր էջին վրայ՝ գրած է, որ հայ պատանդները, անշուշտ, նոյնպէս արժանի են գոնէ նոյն օգնութեան, զոր միւս կառավարութիւնները ցուցաբերած են իրենց քաղաքացիներուն նկատմամբ:
Կենսըր կ՛առաջարկէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարութիւններով շեշտէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքական բանտարկեալներու եւ գերիներու ազատ արձակումը առաջնահերթ հարց է, որ անոնց բանտարկութիւնը քաղաքական դրդապատճառներ ունի, եւ անոնք պէտք է անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակուին։ «Վարչապետը կրնայ մամլոյ ասուլիսի մը հրաւիրել՝ քննարկելու այս բոլոր հարցերը, մեծագոյն լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ յօդուած հրապարակել, հանդէս գալ բոլոր այն պարագաներուն, երբ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունենան»:
Ռուբէն Վարդանեան 18 Փետրուարին ընտանիքին միջոցով փոխանցած էր, որ հացադուլով աշխարհին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ իրեն նկատմամբ դատական շինծու նիստին վրայ: Անոր փաստաբանը Հայաստանի կառավարութեան ուղղուած իր նամակին մէջ քանի մը այլ առաջարկներ կատարած է. օրինակ՝ որ Փաշինեան օգնութիւն խնդրէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներէն, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարէն ու ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարէն, կամ գերիները ազատ արձակելու համար յատուկ բանագնաց մը ուղարկէ Ատրպէյճան:
Կենսըր «Էքս»ի իր գրառումին մէջ նաեւ կը շեշտէ, որ եթէ ռազմագերիներու հարցը ներառուած չէ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ, Փաշինեան կրնայ յատուկ կերպով հասկցնել, որ անոնց ազատ արձակումը պէտք է տեղի ունենայ նախքան գործարքի աւարտը կամ աւարտին զուգահեռ:
Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայերուն գծով մտահոգութիւնները առաւել սրեցան, երբ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն հաղորդեց, թէ իշխանութիւնները պիտի փակեն Ատրպէյճանի գրասենեակը: Կարմիր Խաչը միակ միջազգային անկախ կառոյցն է, որ կ՛այցելէ հայ ռազմագերիներուն:
Նախորդ շաբաթ Երեւանի մէջ, իբրեւ պաշտպանութիւն հայ ռազմագերիներուն, հացադուլ յայտարարած «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը ձեռքերը ծալած պէտք չէ նստի։ «Ադրբեջանն անպատժելիութեան մթնոլորտում է գործում այսօր: Չեմ հասկանում, թէ ինչպէս կարելի է դա թոյլ տալ հանդուրժել, փոխարէնը պիտի սանկցիաներ (պատիժներ) կիրառուեն Ադրբեջանի նկատմամբ՝ նման վարքագիծ դրսեւորելու համար»:
Ռուբէն Վարդանեանի համախոհները անոր առողջական վիճակին մասին նոր տեղեկութիւններ չունին: Մինչ այդ Թանդիլեան հեռակայ կարգով Վարդանեանէն խնդրած է դադրեցնել հացադուլը։ «Շատ յոյս ունեմ, որ Ռուբէն Վարդանեանն ականջալուր կը լինի նաեւ բազմաթիւ այլ մարդկանց խնդրանքներին, որով նրան խնդրում ենք դադարեցնել, որովհետեւ ինքը հայ ժողովրդին ողջ է պէտք: Մենք սպասում ենք իրեն, եւ ես ուզում եմ, որ ինքն իմանայ, որ սա միայն ես չէ, որ ասում եմ», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Թանդիլեան: