
Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներու կտտանքներու ու խոշտանգումներու ենթարկուելու հանգամանքը եւ անոր վերաբերող միջազգային կառոյցներու ահազանգները խիստ մտահոգութիւն ու դժգոհութիւն յառաջացուցած են նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն մօտ:
Ըստ Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին ունեցած տեղեկութիւններուն՝ այս օրերուն տեղի կ՛ունենան քննարկումներ, թէ յաջորդ շաբաթ Եւրոպական խորհրդարանի՝ Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունենալիք լիագումար նիստին Եւրոպական խորհուրդի պատգամաւորներուն այս վրդովմունքը արձագանգի ի՞նչ ձեւ պէտք է ստանայ: Չի բացառուիր հարցին վերաբերեալ հրատապ քննարկումներ իրականացնելը եւ բանաձեւ մը ընդունիլը:
Ատրպէյճան անօրէն կերպով ձերբակալած եւ շինծու մեղադրանքներ առաջադրած է Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պաշտօնը վարած Դաւիթ Իշխանեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, պաշտպանութեան նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանի, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Դաւիթ Մանուկեանի եւ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ:
Կեղծ մեղադրանքներ առաջադրուած են նաեւ Վասիլի Բեգլարեանի, Էրիկ Ղազարեանի, Դաւիթ Ալահվերդեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի, Լեւոն Բալայեանի, Մադաթ Բաբայեանի, Գարիկ Մարտիրոսեանի եւ Մելիքսէթ Փաշայեանի դէմ: