Հայաստան Եւրոպական Միութեան մէջ պաշտպանութեան հարցերու կցորդ պիտի ունենայ: Այս գծով որոշումի նախագիծը ընդունուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան 6 Մարտի նիստին ընթացքին:
Նշենք, որ պաշտպանութեան հարցերու կցորդի նստավայրը Պրիւքսէլ քաղաքին մէջ է: Կցորդը պիտի իրականացնէ միջազգային կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ անդամ պետութիւններուն միջեւ ռազմական եւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համադրման եւ համակարգման աշխատանքները, պիտի ամրապնդէ փոխգործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացնէ համագործակցութեան հեռանկարային զարգացման վերաբերող առաջարկներ: