Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ նոր Սահմանադրութիւնը, որպէսզի ունենայ տարածաշրջանային նշանակութիւն՝ ըսաւ. «Խաղաղութիւնը, խաղաղութեան պայմանագիրը եւ խաղաղութեանը միտուած յարաբերութիւնները չվտանգող Սահմանադրութեան մասին է խօսքը», յայտնեց Գալեան, առանց բացատրելու, թէ գործող Սահմանադրութիւնը ինչպէ՞ս կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 13 Մարտին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Սահմանադրութեան նոր բնագիրը պիտի ունենայ նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն՝ առանց ըսելու, թէ Հայաստանի նոր Սահմանադրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ տարածաշրջանին վրայ։
Փաշինեանի յայտարարութենէն ժամեր ետք, Պաքու հաղորդեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան արձագանգեց Սահմանադրութեան հանդէպ այս մօտեցումներուն՝ դիտել տալով, որ խօսքը կը վերաբերի պայմանագիրի մը, որ կը խախտէ Սահմանադրութեան հիմնարար մօտեցումները, արժէքները, այդ պայմանագիրը, ըստ Սահմանադրութեան, կարելի չէ վաւերացնել:
«Եթէ նրանք ուզում են սահմանադրական կարեւորագոյն այս սկզբունքը հանել, հայ ժողովրդի կենսական կարեւորութեան հիմք հանդիսացող` իր հայրենիքում ազատ, անկախ, ինքնիշխան գործելու սկզբունքները հանել եւ դրա հիման վրայ ասել, որ չի խանգարում, այդ դէպքում այդ մարդիկ հակահայ են: Հայաստանի սահմանադրութիւնը երաշխաւորում է եւ ապահովում է անհրաժեշտ պաշտպանութիւնը, որ որեւէ հակահայկական, հակապետական միջազգային փաստաթուղթ, պայմանագիր չվաւերացուի, օրինական ուժ չստանայ: Ինչպէս որ ապօրինի վարքագծով այս իշխանութիւնը անընդհատ փորձում է մեր պետութեան վրայ միջազգային պարտադրանքներ կապի, նոյն ձեւով փորձում է հիմա բերել եւ սահմանադրական փոփոխութիւններով իրենց հակահայկական մօտեցումներն անցկացնի», շեշտեց Մինասեան։