
18 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արսէն Համբարձումեան հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:
Ռուստամեան ընդհանուր գիծերով տեղեկացուց նախորդ շաբաթներուն տեղի ունեցած ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովին, ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր կազմին, ընդունուած հիմնական որոշումներուն եւ կուսակցութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն մասին:
Միտքեր փոխանակուեցան աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, տարածաշրջանին եւ, յատկապէս, Հայաստանի շուրջ ծաւալած ապահովական մարտահրաւէրներուն մասին:
Կարեւոր նկատուեցաւ Ռուսիոյ հետ կարգ մը ուղղութիւններով, մասնաւորապէս` խորհրդարանական ձեւաչափով համագործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները յատուկ կերպով շեշտեցին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ապօրինի դատավարութեան գծով իրենց մտահոգութիւնները: