Մոսկուայի, Պաքուի եւ Երեւանի եռակողմ աշխատանքային խումբը չէ փակուած, եթէ գործընկերները դիմեն մեզի, Ռուսիա հաճոյքով պիտի շարունակէ աշխատանքը։ Այս մասին, ըստ «Թասս»ի՝ Ռուսիոյ արդիւնաբերողներու եւ ձեռնարկատէրերու միութեան համագումարի ծիրին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
«Փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբը ներկայիս քնացած վիճակի մէջ է: Այդ կարելի է արձանագրել, բայց մենք գիտենք, որ այս նիւթով յարաբերութիւններ կ՛իրականացուին գործընկերներուն միջեւ», ըսաւ Օվերչուք՝ աւելցնելով. «Եթէ գործընկերները դիմեն մեզի, եւ մենք կարենանք ձեւով մը օգտակար ըլլալ, իսկ մենք կրնանք օգտակար ըլլալ, մենք, անշուշտ, հաճոյքով պիտի շարունակենք այս աշխատանքը, բայց այդ կախեալ է գործընկերներէն»: