
Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզը 22 Փետրուարին տօնեց իր հիմնադրութեան յիսնամեակը, «Տաղլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթով մը, որուն ներկայ էին առաւել քան 500 անձեր։
Տօնակատարութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու վարժարանին ուսուցիչները եւ նուիրատուները: Լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ դպրոցին իրագործումները։ Աւարտին, յայտարարուեցաւ, թէ կարելի եղած է 950,000 տոլար հանգանակել, նպաստելու համար մանկամսուր-մանկապարտէզը արդիականացնելու նախաձեռնութեան։
Ներկայ էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, նախորդ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, ներառեալ՝ փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Ծովիկ Զէյթլեան ու Գեւիկ Պաղտասարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, ներառեալ՝ ատենապետ Ալեք Պաղտասարեան եւ Շահան Տէր Օհաննէսեան եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմնի անդամ Փաթիլ Աբոշեան Գասպարեան։

Քալեմքերեաններուն, Լորէթ Աւաննէսեանի եւ Արմէն Գրիգորեանի հետ
Պատուոյ հիւրերու շարքին էին նաեւ բարերար Թիւֆէնքեան ընտանիքի անդամները, որոնք տէր եւ տիկին Կրեկ եւ Քերոլայն Թիւֆէնքեաններուն եւ տէր եւ տիկին Սանտրա եւ Փօլ Քալեմքերեաններու հետ «Ժառանգութեան» նուիրատուութիւններ կատարեցին։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի հիմնական նեցուկներէն՝ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեանները, դոկտ. եւ տէր Արմինէ եւ Վահէ Յակոբեանները ու տէր եւ տիկին Նորայր եւ Անուշ Աւագեանները, ինչպէս նաեւ մանկամսուր-մանկապարտէզի նախկին վարիչներ Իտա Քարայեան եւ Արսինէ Աղազարեան։
Ալիս Պետրոսեան ողջունեց անկիւնադարձային այս տարեդարձը՝ շեշտելով, որ մանկամսուրը սիրով դաստիարակած է ազգին ապագան։
«Թիւֆէնքեան»ի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արմէն Գրիգորեան երախտագիտութիւն յայտնեց հիմնադիրներուն, նուիրատուներուն, նախկին վարիչներուն եւ յատկապէս Թիւֆէնքեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ «Երազակերտ» նուիրատուներ՝ դոկտ. եւ տէր Քրիսթին եւ Ալեն Բարսեղեաններուն եւ «Ոսկեան» նուիրատուներ՝ Եմէնէճեան ընտանիքին ու GASKA Alliance հիմնարկութեան։

Տօնակատարութեան ընթացքին մեծարուեցան կրթական հաստատութեան առաւել քան 20 տարիներ ծառայած ուսուցիչները: Վարիչ Լորէթ Աւաննէսեան լուսարձակի տակ առաւ անոնց ունեցած կենսական դերակատարութիւնը աշակերտներուն բարգաւաճումին մէջ, զանոնք կոչելով վարժարանին «բաբախող սիրտը»։
Նաեւ ցուցադրուեցան պատմական նկարներ, տարեգիրքեր եւ յիշատակի նմուշներ, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կրեկ Հօշարեան եւ իր նուագախումբը, ընկերակցութեամբ երգչուհի Ալին Առուստամեանի եւ DJ Melkon։
Ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետութիւնը ստանձնած էին Սարա Քիփոլա եւ Անուշ Եմէնէճեան։
Տօնակատարութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ նուիրատուներու «Ծիրանի ծառ» նախաձեռնութեան մասին, որուն կարելի պիտի ըլլայ նուիրել միայն այս անկիւնադարձային տարեշրջանին ընթացքին, նպաստելու համար վարժարանին բարգաւաճման։