Երեքշաբթի, 11 Մարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց իր վաղեմի գործակից-բարեկամներէն՝ Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանը, որ, այս օրերուն, եկեղեցական առաքելութեամբ կը գտնուի Լոս Անճելըս: Հիւր համայնքապետին կ՛ընկերակցէր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան:
Հանդիպումին ընթացքին, համայնքապետ վերապատուելին նախ շնորհաւորեց իր վաղեմի գործակից-բարեկամին՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի հոգեւոր առաջնորդ ընտրութիւնը եւ իր խօսքին մէջ ուրախութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Սիրելի՛ սրբազան, այնպէս, ինչպէս Յունաստանի մէջ ցուցաբերեցիք աշխոյժ գործունէութիւն, վստահ ենք, որ Սփիւռքի ամէնէն ծաւալուն այս շրջանին մէջ եւս դուք ի սպաս պիտի դնէք տարիներու առաջնորդական ձեր փորձառութիւնը եւ վաստակը, ինչպէս նաեւ՝ յունահայոց զոյգ համայնքներու միջեւ մեր վաղեմի բարեկամութեան ու գործակցութեան ոգին ձեր առաջնորդութեամբ նոր որակ պիտի արձանագրէ՝ նաեւ այս շրջանի մեր եկեղեցական համայնքներու բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի եւս աշխուժացնելու եւ գործակցութիւնը սերտացնելու գծով»:
Իր կարգին, առաջնորդը ցնծութիւն յայտնեց Յունաստանի հայոց աւետարանական համայնքապետին հետ վերահանդիպման առիթով, ապա անոնք ջերմութեամբ փոխանակեցին իրենց շրջաններու հայութեան կեանքին մասին տեղեկութիւններ, թարմացուցին անցեալի յուշեր եւ կատարեցին միացեալ խորհրդածութիւն՝ Ս. Պահոց ժամանակահատուածի կարեւորութեան եւ հաւատացեալ մարդու կեանքին մէջ անոր բարերար ներգործութեան վերաբերեալ:
Այնուհետեւ, այցելու վերապատուելիները ճաշի հիւրը եղան սրբազան հօր, ապա ծառայական կեանքի մէջ նոր յաջողութիւններու եւ դարձեալ հանդիպելու մաղթանքներով հրաժեշտ տուին իրարու: