
Նիւ Ճըրզիի «Փրինսթըն» համալսարանի Ֆրանսական ֆիլմի փառատօնը կազմակերպողները կը տեղեկացնեն, թէ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կեանքին նուիրուած «Մըսիօ Ազնաւուր» ֆիլմին ամերիկեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ նշեալ փառատօնին բացումին ընթացքին, 28 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։
Ֆիլմը արտադրուած է Ժան-Ռաշիտ Քալլուշի կողմէ, որ ամուսինն է Շարլ Ազնաւորի դստեր՝ Քաթիին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել frenchfilmfestival.gradlife.princeton.edu կայքէջը։