Վերջերս լոյս տեսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նոր հրատարակութիւնը՝ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» գրքոյկը (տպագրութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ), որմով իր լրումին հասաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» առաջին մրցանքը (2024): Նշենք, որ այս ծրագիրը ուսանողական ուսումնասիրութիւններու եւ առաջարկներու ներկայացման մրցոյթի ծրագիր մըն է, որ կը նպատակադրէ համախմբել աշխարհասփիւռ հայ ուսանողութիւնը, եւ անոր մասնագիտական ներուժը ծառայեցնել Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Առաջին մրցանքին նիւթերը կը վերաբերին Արցախի 2020ի պատերազմին, անոր յաջորդած հայաթափման աղէտին եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան:
Ուսանողներուն աշխատանքներուն վերահսկեցին հանրայայտ խորհրդատուներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն: Այս գրքոյկին մէջ տեղ գտած են երեք մրցանակի եւ երկու գնահատանքի արժանացած 4 ուսանողներու եւ մէկ ուսանողական խմբակի ուսումնասիրութիւնները:
Արդէն սկսած է «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» երկրորդ մրցանքը, կեդրոնական նիւթ ունենալով Արցախ վերադարձի իրաւունքը:
Ուսանողները կրնան դիմել՝ այցելելով studentsforartsakh.am կայքը, ուր նաեւ կարելի է կարդալ սոյն գրքոյկը: Այս ծրագիրով, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ համախմբելու հայ ուսանողութիւնը եւ մղելու, առաւելագոյն մասնագիտական մօտեցումներով, ընդհանրապէս Հայ Դատին ծառայելուն եւ մասնաւորաբար արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան: