Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

2024-25-ի կամուրջին վրայ, լոյս աշխարհ եկաւ Սարօ Նազարեանի գրիչի արգասիքը, որ կը կրէ «Լուսանկարների Ալբոմները» խորագիրը (կողքին եւ խորագիրի էջին արձանագրուած է նաեւ The Albums of Photos. հատորը անգլերէն բաժին չունի, բացի խորագիրներէն եւ մուտքի ընդհանրական բացատրականէն):
200 էջ, գեղատիպ, ակնահաճոյ ձեւաւորում, գունաւոր կողք եւ համով բովանդակութիւն (ուշագրաւ է, որ խորագիրի էջին վրայ նշուած է 2024, իսկ յետին էջին՝ 2025ի արտադրութիւն. յայտնապէս խմբագրումի եւ տպագրութեան աւարտի նշում): Սարօ Նազարեան անծանօթ անուն չէ յատկապէս Լոս Անճելըսի շրջանի մեր գաղութին համար: Տասնամեակներ շարունակ եղած է սիրուած ուսուցիչ, իր ստորագրութիւնը յաճախ երեւցած է մեր մամուլին մէջ, բեմերու վրայ ներկայութիւն եղած է իբրեւ հանդիսավար, եղած է ձայնասփիւռի հաղորդավար: Այս քանի մը տողերուն մէջ կը սեղմուի ստուար վաստակ մը:
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հատորը կը բացուի հայրենի արձակագիր Դաւիթ Խաչիկեանի «Երկու Խօսք»ով, ուր հպանցիկ բացատրութիւններ կան բովանդակութեան նիւթերուն մասին եւ թելադրանք՝ ընթերցողներուն: Կը յաջորդեն 6 արձակ գրութիւններ, առաջինը՝ վիպակ մը, իսկ միւսները՝ պատմուածքներ:
Այդ էջերէն առաջ, կայ բացատրական մը, թէ՝ հատորին դէպքերը, հերոսներն ու վայրերը երեւակայածին են, թէ՝ իրական մարդոց կամ դէպքերու հետ որեւէ նմանութիւն պէտք է ընդունիլ իբրեւ զուգադիպութիւն: Այս տողերը (որոնք «քլիշէ» են գիրքերու կամ ժապաւէններու հրատարակման առիթով) ուշագրաւ են եւ «վիճելի», սակայն այդ մասին՝ քիչ ետք: Կայ նաեւ էջ մը, ուր հեղինակը շնորհակալութեան խօսք ունի հատորին արարման մէջ ներդրում ունեցողներու՝ Հրաչ Տէմիրճեանի, Զաւէն Բաղդանեանի, իր դստեր՝ Նարինէի. ցանկին մէջ չէ արձանագրած իր տիկնոջ՝ Լիդայի անունը:
Առաջինը՝ վիպակը, ունի «Վահրամը» խորագիրը, աւելի քան 60 էջ: Յաջորդող պատմուածքները (որոնցմէ մէկ քանին ունին նորավէպի խորք) կը կրեն հետեւեալ խորագիրները. «Լուսանկարների Ալբոմները» (որով կնքուած է հատորը), մօտաւորապէս 15 էջ, California Lottery, մօտաւորապէս 30 էջ, «Անին», նուազ քան 10 էջ, Help, մօտաւորապէս 25 էջ, եւ «2075», 20 էջ:
Պատումները անուղղակի եւ շատ հպանցիկ ինքնակենսագրութիւն են, այն իմաստով, որ քայլ կը պահեն հեղինակին կեանքի ընթացքին եւ փորձառութիւններուն, դիտարկումներուն հետ, որոշ դիտանկիւնէ ալ՝ ունին հրապարակագրական գրականութեան խորք, որովհետեւ անոր էջերուն կը ցոլան նոյն այդ փորձառութիւններէն քաղուած՝ հեղինակին ազգային ու համամարդկային մտահոգութիւնները: Բացի մէկէն («Անին»), պատումները տխուր եւ մտահոգիչ վիճակներու արտայայտութիւններ են:
Ինքնակենսագրութեան երանգը ի յայտ կու գայ նաեւ անով, որ հերոսներն ու դէպքերը կարծէք թէ երկուորեակներն են իրական, ապրող-ապրած մարդոց, նոյնինքն… հեղինակին: Անոնցմէ ստուար մաս մը իբրեւ ծննդավայր ունի իրական Իրանը (ինչպէս Սարոն), ապա կայ Լոս Անճելըսի իրական միջավայրը՝ Կլենտէյլ, Հոլիվուտ, Վէն Նայս եւ այլն: Եւ այս ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ի մտի ունէինք, երբ քիչ առաջ խոստացանք աւելի ուշ անդրադառնալ «վիճելի»ին:
Կարեւոր նշում մը. Սարոյին տիպարները, երեւակայածին եւ իրականանման՝ ընտրովի են, ընտրովի են նաեւ անոնց շուրջ հիւսուած պատումները: Հեղինակը ունի զինք տագնապեցնող հարցեր, եւ հեղինակի իրաւունքին յենելով՝ ստեղծած է այդ բոլորը ցոլացնող հերոսներ ու դէպքեր: Անոր նպատակը այն չէ, որ տեսէ՛ք, մեր շուրջ բոլորը ապրողները այս տիպարներուն կրկնօրինակներն են, այլ՝ տեսէ՛ք թէ ինչպիսի՛ վիճակներ ստեղծուած են այս ափերը ինկողներուն կեանքին մէջ: Բացի մէկ քանի «երկրորդական» տիպարէ, հերոսները հայ մարդիկ ու կիներ են: Մեծ մասը խոյս տուած է ծննդավայր Իրանի այս կամ այն քաղաքէն (կրնային եկած ըլլալ նաեւ այլ «աւանդական» օճախներէ), հին ու նոր վիճակներու հետեւանքով, ինկած են «հրեշտակներու քաղաք»ը, ուր սակայն հրեշտակային քիչ բան կը գտնեն, ընդհակառակն, իրենց կարգ մը երազները կը մատնուին նաւաբեկումի, խորտակումի, խորտակելով նաեւ տիպարներէն մէկ քանին: Հերոսները իրենց ծննդավայրին հանդէպ կարօտաբաղձութիւն ունին, թէեւ հազուադէպ ուղղակի արտայայտութիւններով, սակայն անոնց կեանքերը կարծէք թէ իրարու հիւսուած են նոյն գունաւոր թելերով: Այդ թելերը, ինչպէս նշեցինք, ընդհանրապէս տխուր գոյներ ունին. տիրականներէն են հայկականութեան կորուստի տագնապը, մարդկային կապերու եւ ընկերական-բարեկամական յարաբերութիւններու նահանջը, կորո՛ւստը, ընդհանրապէս մարդացնող արժէքներու նօսրացումն ու նիւթականին տիրապետութեան անբաղձալի հետեւանքները (ո՛չ միայն «Վահրամը» վիպակին մէջ): Պատանութեան կամ երիտասարդութեան օրերու մտերիմ ընկերներ, ծանօթներ, նիւթական տարբեր վիճակներու հասնելէ ետք (մէկը հարստացած, ուրիշ մը ապրուստ հանելու համար անհաւասար մրցումի լծուած), այնքան մը կ՛օտարանան իրարու, որ կարծէք թէ անծանօթներ ըլլային՝ իրարու հանդէպ անկարեկիր կեցուածքներով:
Ուրիշ գիծ մը կը կազմէ «ամերիկեան երազներ»ով տարուող երիտասարդներու դիմագրաւած վտանգներն ու պատճառած անդոհանքը, մինչեւ իսկ մահացու հարուածը (Help): Կան հայկական միջավայրի մէջ ապրողներու դիմագրաւած անբարեհամբոյր կացութիւնները (քիթը ամէն տեղ խոթող դրացիներու վարմունք), սակայն նաեւ անկէ խոյս տուող, հեռացողին՝ հայկական միջավայրի կարօտաբաղձութիւնը («Ալբոլմները»):
Սարոն տեղ-տեղ կը դիմէ մեղմ, հազիւ նկատելի երգիծանքի, որ խայթող չէ, այլ հազիւ զգալի կսմիթ: Ապրուստի ապահովման ծանրութեան տակ խօլ արշաւ մղող ընտանիք մը, երբ յանկարծ կը շահի վիճակահանութեան մեծ պարգեւը, ո՛չ միայն դուրս կու գայ անտեսուած-արհամարհուածի կացութենէն, այլ ձեւով մը շրջապատին կողմէ կը վերածուի… ազգային բարերարի, շատեր ափ կ՛առնեն անոր դուռը, այնքան մը, որ ընտանիքը կը ստիպուի (գոնէ փորձ կ՛ընէ) հետքը կորսնցնելու, կը մերժէ վերածուիլ նոր օրերու Աբիսողոմ աղայի, սակայն…
Մանկավարժ եւ հոգածու ծնող՝ Սարոն, ներկայ է «Անի»ին մէջ. հոս դրուած է մանուկներու ճիշդ դաստիարակութեան հարցը, առաջադրանք՝ որ «եկուոր դրսեցիներուն» աներեւակայելի դժուարութիւններ ու տագնապներ կը ստեղծեն: Այս ափերը ինկողներ գիտեն, որ մանուկի մը հանդէպ ծնողական արդար ու տարրական խստապահանջութիւնը երբեմն կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ, այլ հարց՝ որ ապրուստի հեւքին մէջ ինկող ծնողներ ինքնաբերաբար երբեմն կը թերանան իրենց տարրական պարտականութիւններուն մէջ (հոս ալ կը բացատրուի հերոսներուն-վիճակներուն՝ մեր ընտրովի որակումը): Եւ ահա նման հարցերու քննարկման պահուն է որ ընթերցողը կը զգայ հրապարակագիր՝ օրուան-կեանքի հարցերը քննարկող հեղինակին ներկայութիւնը: Ինչպէս նշեցինք, կամակոր Անին ի վերջոյ կը կոփուի եւ կը կերտէ փայլուն ապագայ մը:
Նուրբ երգիծանքի գիծը զգալի է նաեւ վերջին պատմութեան մէջ, որ նմանապէս հրապարակագրական երանգ ունի: Հոս, Սարոն դիմած է գիտաերեւակայական էջ մը արարելու փորձին: Դէպի ապագայ ոստում կատարած է միայն 10 տարիով, յաճախ կրկնուող ահազանգերուն արձագանք կ՛ըլլայ ապագայատեսիլ մօտեցումով: Այդ «ապագան» շատ հեռու չէ, անոր մէջն ենք արդէն…: Քննարկուած հարցը՝ մեր լեզուին դիմագրաւած հարցերն ու սպառնալիքներն են, լուծում խոստացող մտածումները. միջավայրը՝ արդիական միջոցներով խորհրդաժողով մը, որ համախմբած է աշխարհի չորս ծագերէն ներկայացուցիչներ: Երգիծական տարրերէն մէկը արտայայտութիւն կը գտնէ տարօրինակ բանավէճերու եւ «չնաշխարհիկ» գաղափարներու ընդմէջէն, նաեւ ի յայտ կու գայ, որ մասնակցողներէն մաս մը մասնագէտ չէ եւ ո՛չ ատակ՝ նման քննարկումի մասնակցելու: Ընթերցողը ականատես կը դառնայ «ամէն գլուխէ ձայն մը» խօսքին մարմնաւորման: Աւարտը՝ հեղինակին լաւատեսական կնիքը կը կրէ:
ՊԱՏՄՈՂ, Ո՛Չ ՎԵՐԼՈՒԾՈՂ
Ս. Նազարեան բոլոր էջերուն մէջ նախընտրած է մնալ պատմողի եւ դիպուկ նշումներ կատարողի աթոռին վրայ, խուսափած է խորաթափանց վերլուծումներէ եւ հոգեբանական բարդ քննարկումներէ: Պատումներուն ծաւալն իսկ կը մատնէ այս նկարագիրը: Ընթերցողին աչքին առջեւ կը պատկերուին լոսանճելըսահայ կեանքի կարգ մը դառն իրականութիւնները, եւ նոյնինքն ընթերցողին լռելեայն կը թելադրուի ընել վերլուծումներ, խորհրդածութիւններ, որոնք այլապէս վաղո՜ւց ներկայ են մեր ազգային-հայկական կեանքի հրապարակային ու մամուլի քննարկումներուն մէջ: Ամերիկեան «ձուլարան»ին մասին մեր քննարկումներն ու ապրած տագնապները միայն լեզուի եւ մշակոյթի նահանջին շուրջ չեն դառնար, կան նաեւ ՄԱՐԴՈՒ նահանջին եւ սրտակցութեան կորուստին առթած տառապանքները, մինչեւ իսկ անոնցմէ ծնող բազմածալք ողբերգութիւնները: Սարոյին էջերուն՝ այդ բոլորին ցոլքերը կան:
Այս հեղինակը Իրանէն Լոս Անճելըս հասած՝ իրանա-լոսանճելըսա-հայն է: Հատորին մէկ արժանիքն ալ՝ այս իրականութեան մարմնաւորումն է, այսինքն՝ ան մաս կը կազմէ գրողներու (հազուագիւտ) այն փաղանգին, որ սփիւռքեան այս օճախին ԿԵԱՆՔԸ կը ներմուծէ գրականութեան աշխարհ: Այս հաստատումը չի նշանակեր, որ Սարոն լոսանճելըսեան միւս «ենթագաղութներէն» դուրս է, հեռու անոնցմէ, «մեկուսի» հեղինակ մը: Անոր բարձրացուցած հարցերը, ունեցած տագնապները, ինչպէս հպումով նշեցինք քիչ առաջ, նման են Հայաստանէն, միջին արեւելեան երկիրներէ եւ այլ շրջաններէ Միացեալ Նահանգներ հասնողներու դիմագրաւած վիճակներուն, որոնք կը ծնին մշակոյթներու եւ կենցաղային վիճակներու բախումէն, մէկը միւսը «տակը առնող» յորձանուտներէն: Եւ, կրկնենք, Սարոն բազմած է պատմողի աթոռին, իր առաջնահերթ նպատակը՝ գեղարուեստական գրականութիւն մշակել չէ, թէեւ աղուոր հայերէն մը (մերթ «գրքունակ») մաս կը կազմէ հատորին արժանիքներուն:
Խնամքով մամուլին յանձնուած հատոր մը դրուած է ընթերցողին սեղանին: Բծախնդիր ընթերցողը պիտի նկատէ, որ էջերը իրենց օձիքը ամբողջովին չեն ազատած հրատարակչական «մանրուքներէ»:
Մարտ 2025