Սիւնիքի մարզի սահմանային երկու գիւղերէն` Խնածախէն ու Խոզնավարէն, յայտնեցին, որ ատրպէյճանցիները 25էն 26 Մարտի գիշերը եւս կրակ բացին գիւղերուն ուղղութեամբ: Ըստ գիւղացիներուն՝ ատրպէյճանցիները երբեմն նաեւ շինութիւններու կամ դաշտերու ուղղութեամբ կը կրակեն:
Գիւղացիներ ըսին, այս կրակոցները կը լսեն արդէն 6րդ օրը ըլլալով. վերջին օրերուն տագնապած են:
Մինչդեռ, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, պատասխանելով կրակոցներուն մասին հարցում մը՝ 26 Մարտին պնդեց, որ անոնք Հայաստանի ուղղութեամբ չեն:
«Ես երէկ հետեւել եմ լրահոսին, տեղեակ եմ գրառումներից, տեսանիւթերն եմ դիտել: Սահմանի երկայնքով լինում են դէպքեր, երբ կան կրակոցներ, սակայն դրանք Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութեամբ չեն: Բնականաբար դրանք այն դէպքերն են, որոնք վտանգ չպարունակելով մեր կողմից յայտարարութեան չեն արժանանում», յայտնեց Պապիկեան, որ հարցին լուծումը դիւանագիտութեամբ կը տեսնէ: «Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ուշի-ուշով հետեւում է ամէնին, ու դրա լուծման ճանապարհը մենք կարծում ենք, որ դիւանագիտական ճանապարհն է ու հարցի կարգաւորումը հէնց այդ կերպ ենք պատկերացնում եւ իրականացնում», ըսաւ Պապիկեան:
Իշխող կուսակցութենէն սիւնեցի պատգամաւոր Նարեկ Ղահրամանեան Ազգային ժողովին մէջ պնդեց, որ կրակոցները թիրախային չեն, բայց պատգամաւորը չծածկեց գիւղերուն մէջ անհանգստութեան առկայութիւնը: «Անհանգստութիւնը, այո՛, կայ, բայց վտանգ չկայ էն առումով, որ, նախ, իրանք ինտենսիւ (խտացեալ, խիստ) բնոյթ չեն կրում, երկրորդը, չեն թիրախաւորում կոնկրետ (ուղղակի) մեր դիրքերն ու, այսպէս ասած, հէնց այդ անհանգստութիւնն առաջացնելու համար է արւում մեծամասամբ եւ ի հարկէ` խաղաղութեան օրակարգը նսեմացնելու», ըսաւ Ղահրամանեան:
Թէ՛ Խնածախէն եւ թէ Խոզնավարէն կը յայտնեն, որ կրակոցները վերջին օրերուն պարբերական են, ատրպէյճանցիները կը սկսին կրակել գիշերը, կ՛աւարտեն լուսադէմի մօտ:
Ատրպէյճանցիներուն կրակոցներուն մասին տեղեկութիւնները կը հաստատէ նաեւ Խոզնավարի վարչական ղեկավար Վահան Զաքեան, սակայն, ան կը պնդէ, որ գիւղին ուղղութեամբ չեն անոնք: Խոզնավարի մէջ կրակոցներուն վերաբերեալ տեսանիւթեր տարածուած են նաեւ համացանցին վրայ՝ նկարահանուած գիշերային ժամերուն:
«Հիմա հանգիստ ա, մարդիկ իրանց կեանքով ապրում են, կրակոցները հեռուից լսւում են, ոչ թէ գիւղի վրայ են կրակում, ուղղակի հեռուից լսւում ա, կարող ա իրանց պալիգոնում են կրակում: Էնքան որ ոչ տեսնում ենք կրակողին, ոչ էլ բան ա գալիս գիւղի վրայ», յայտնեց Զաքեան:
25 Մարտին Խոզնավարի գիւղացիները նշած էին, որ ատրպէյճանցիները նոյնիսկ կը կրակէ դաշտերուն ուղղութեամբ, ուր մարդիկ կ՛աշխատին։
Անցած շաբաթավերջին, տեղեկութիւններ կային նաեւ Սոթքի մէջ լսուած կրակոցներուն մասին, սակայն պաշտպանութեան նախարարը խուսափած էր ուղղակի հարցումին պատասխանելէ եւ միայն նշած էր, թէ իր ղեկավարած գերատեսչութիւնը հաղորդագրութիւն կը տարածէ վտանգաւոր կրակոցներուն ու խախտումներուն մասին:
Նախքան ատրպէյճանցիներուն՝ կրակ բանալու մասին այս տեղեկութիւնները Պաքու ի՛նք անընդհատ հայկական կողմը կը մեղադրէր իր դիրքերը թիրախ դարձնելու մէջ: Երեւան կտրականապէս հերքեց ատրպէյճանական կողմի պնդումները: