
Ս. Նահատակաց Ազգային վարժարանները՝ Ֆերահեան երկրորդականը, Մարի Գապայեան նախակրթարանը եւ ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրը, 22 Մարտի երեկոյեան տօնեցին իրենց հիմնադրութեան 60ամեակը, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին շքեղ սրահին մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հովանիին տակ, առաւել քան 600 շրջանաւարտներ, ծնողներ, անձնակազմի անդամներ եւ համայնքէն զօրակիցներ միասնաբար տօնեցին կրթական ոլորտին եւ հայ մշակոյթի պահպանման նպատակին մէջ վարժարաններուն յատկանշական իրագործումները։

Յաջողութեամբ պսակուած ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր վարժարանի 1994ի շրջանաւարտ Հայկ Պոյաճեան, որ ատակ առաջնորդը հանդիսացաւ վարժարանին բեղուն անցեալին եւ փայլուն ապագային միջեւ կամուրջը հանդիսացած տօնակատարութեան։
Նախքան բուն ձեռնարկը, ներկաները մուտքին դիտեցին վարժարանին անցեալի իրագործումները խտացնող ցուցադրութիւն մը, իսկ ձեռնարկին բացումը կատարեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Սարին Սորֆազեան եւ Ալեք Պէյլէրեան, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին յանձնախումբի բոլոր անդամներուն։






Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վարժարաններուն ամէնօրեայ վառվռուն կեանքէն դրուագներ համադրող տեսանիւթ մը, ուր նաեւ կը ներկայացուէին վարժարանին ընդարձակման եւ արդիականացման աշխատանքները։
Ներկաները նաեւ վայելեցին Տիգրան Ասատրեանի եւ DJ Sami Flash-ի կատարումները։

Ապա տեղի ունեցաւ գլխաւոր նուիրատուներուն մեծարումը։
Յայտարարուեցաւ, որ երկար տարիներ վարժարանին նեցուկ կանգնած Քէօսեան ընտանիքին անունով պիտի կոչուի Էնսինոյի մէջ նոր գնուած շէնքը։
Յատկանշական նուիրատուութիւն մը կատարած Գօգօ Թօփալեանի ի պատիւ, Քէօսեան համալիրին հանդիսասրահը պիտի կոչուի՝ «Ներսէս եւ Աղաւնի Թօփալեան սրահ»։
Պէնլեան եղբայրները եւս մեծարուեցան իրենց շարունակական աջակցութեան համար եւ անոնց անունով պիտի կոչուի Նորթ Հիլզի համալիրին Ա. շէնքը, որ ներկայիս կը կառուցուի եւ պիտի յատկացուի դասարաններու։
Ղեւոնդեան ընտանիքը եւս յատկանշական նուիրատուութիւն մը կատարած էր Էնսինոյի համալիրին մարզասրահը նորոգելու համար, որուն շնորհիւ մարզասրահը պիտի կոչուի «Մասիս եւ Մանուշ Ղեւոնդեան մարզասրահ»։



Սոնա Թուլումճեան եւ անոր զաւակները եւս մեծարուեցան իրենց շարունակուող զօրակցութեան համար եւ յայտարարուեցաւ, թէ Քէօսեան համալիրին մարզասրահը պիտի կոչուի «Թուլումճեան մարզասրահ»։
Նաեւ, «Վաչէ եւ Լուսի» հիմնարկութիւնը խոստացաւ տարեկան նուիրատուութիւններ կատարել, նպաստելու համար վարժարանին արուեստի ծրագիրներուն եւ արուեստասէր աշակերտներուն։


Տոքթ. եւ տիկին Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեաններ եւս խոստացան շարունակել իրենց տարեկան նուիրատուութիւնները, յատկապէս ուսուցիչներուն ուղղուած։
Ձեռնարկը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ համայնքը որքան նուիրուած է Ս. Նահատակաց Ազգային վարժարաններուն բարգաւաճման ջանքերուն։

Իր ելոյթի մէջ, Ֆերահեան երկրորդականի տնօրէն Սօսի Շանլեան դրուատեց ներկաներուն ունեցած դերակատարութիւնը վարժարանին յատուկ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը պահպանելու գործին մէջ եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Գապայեան նախակրթարանի տնօրէն Ժան Գոսագեանին եւ Փիլաւճեան մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեանին, որոնք երկար տարիներ պատնէշի վրայ կը մնան, սպասարկելով վարժարաններուն։

