
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ՝ յայտնի դերասան, բեմադրիչ եւ Սօս Սարգսեանի անուան թատրոնի վարիչ Նարինէ Գրիգորեան Լոս Անճելըսի հայութեան երեք ներկայացումներ պիտի մատուցէ։
11 Ապրիլին (երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ) եւ 13 Ապրիլին (երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ), Գրիգորեան Սառա Նալպանտեանի հետ պիտի ներկայացնէ «Իմ Ընտանիքը Իմ Ճամպրուկում Է» գործը, իսկ 12 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ՝ Հրանդ Մաթէոսեանի «Գոմէշ» մենախօսութիւնը, հեղինակին ծննդեան 90ամեակին նուիրուած։
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան El Portal թատերասրահին մէջ
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 326-1722 կամ (818) 934-3315, իսկ տեղեր ապահովելու համար՝ (818) 265-0506 թիւին կամ այցելել TicketMicket.com կայքը։