Ազգային ժողովի իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վիլեն Գաբրիէլեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի պատգամաւորի իր աթոռէն։
Նախորդ Կիրակի, Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը Գաբրիէլեան համարեց «ոչ վայել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորի վարքին»:
«ԱԺ պատգամաւորն իր առաքելութիւնում պարտաւոր է չդրսեւորել անհարկի վարքագիծ: Ըստ այդմ` բոլորիցդ հրապարակային հայցում եմ ներողութիւն եւ պաշտօնապէս յայտարարում եմ, որ վայր եմ դնում ԱԺ պատգամաւորի մանդատս (լիազօրութիւնս): Դիմումը այսօր սահմանուած կարգով կը յանձնեմ ԱԺ աշխատակազմ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Գաբրիէլեան:
30 Մարտին, «Եւրամեդիա» լրատուամիջոցի լրագրող Կորիւն Սիմոնեան մօտեցած էր Գիւմրիի մէջ շրջող Գաբրիէլեանին` հարցումներ ուղղելով անոր: Լրագրողը փորձած էր հասկնալ, որ արդեօք պատգամաւորը խմա՞ծ է, իսկ պատգամաւորը ոչ-սթափ վիճակի մէջ սեռային բնոյթի հայհոյանքով պահանջած էր, որ չհրապարակէ տեսանիւթը: Այդ տեսանիւթը հրապարակուեցաւ, եւ անկէ ետք լրագրողները պատգամաւորէն պահանջեցին ներողութիւն խնդրել ու հրաժարիլ:
Գաբրիէլեան 1 Ապրիլի իր գրառումին մէջ նաեւ կը յայտնէ, որ կ՛առաջադրուի իբրեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան յառաջիկայ վարչութեան ընտրութիւններուն` վարչութեան անդամի թեկնածու:
«Ինձ համար միանշանակ է, որ մեր կուսակցութիւնը ունի լրջագոյն առողջացման եւ կերպարանափոխման կարիք», գրած է Գաբրիէլեան։