
Ատրպէյճանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռալֆ Հարլըման 31 Մարտին կանչուեցաւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի կողմէ իր ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակած Արցախի դրօշակով լուսանկարին եւ արցախահայութեան մասին կատարած անդրադարձին լոյսին տակ:
Ըստ «Ազերթաք»ի՝ անոր խիստ բողոքագիր մը յղուեցաւ Գերմանիոյ նախագահին դէմ՝ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին իր «Ինսթակրամ»ի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած Արցախի դրօշին գծով, զոր Ատրպէյճան նկատեց «ոտնձգութիւն երկրի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ»:
Այս արարքը որակելով «բացայայտ քաղաքական սադրանք»՝ Գերմանիոյ նախագահին տարածաշրջանը այցելութեան ընթացքին, Պաքուն զայն անընդունելի նկատեց եւ պահանջեց, որ գերմանական կողմը հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէ այս գրառումին համար:
Աւելի ուշ, «Ազերթաք»ը հրապարակեց Գերմանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Տէօրթէ Տինկերի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Հիքմեթ Հաճիեւին հասցէագրուած նամակը, որուն մէջ ան ներողութիւն կը խնդրէ հրապարակումին համար` նշելով, որ «անիկա թեքնիք սխալի արդիւնք է»:
Տինկեր կը յայտնէ, որ Շթայնմայերի յառաջիկայ այցելութիւնը Պաքու նպատակ ունի ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը եւ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ ընթացող խաղաղ գործընթացին:
Շթայնմայեր 30 Մարտին հասաւ Հայաստան եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Վահագն Խաչատրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ան Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ պէտք է առնել վերջին քայլերը` խաղաղութիւն հաստատելու համար:
Երեւանէն Գերմանիոյ նախագահը պիտի մեկնի Պաքու, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: