
Հինգշաբթի, 27 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի Ազգային իշխանութեան վաստակաշատ նուիրեալներէն՝ Ազգային վարչութեան բազմաթիւ անգամներ անդամ եւ ատենապետ եղած, ներկայիս՝ թեմի Ազգային երեսփոխան, իր վաղեմի բարեկամներէն Րաֆֆի Սիսլեանը եւ անոր լոսանճելըսաբնակ երկու մանչ զաւակները:
Այցելու բարեկամը նախ շնորհաւորեց՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին առաջնորդ ընտրութիւնը եւ եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25ամեակը, ապա ուրախութիւն յայտնեց ստեղծուած պատեհ առիթին համար, որ իբրեւ վաղեմի բարեկամներ դարձեալ կը հանդիպին իրարու, թէկուզեւ ծովերէն անդին:
Սրբազան հայրը, իր կարգին, հրճուանքով արտայայտուեցաւ իր սիրելի ընկերոջ-գործակիցին եւ անոր երիտասարդ զաւակներուն ի տես եւ ջերմօրէն զրուցեց անոնց հետ: Անցեալ տասնամեակներու հին եւ քաղցր յուշերու ընդմէջէն, այցելուները եւ առաջնորդը վկայակոչեցին անմոռանալի դէպքեր ու դէմքեր:
Հուսկ, սրբազանը իր օրհնութիւնները եւ բարի մաղթանքները բաշխեց հիւրերուն եւ յորդորեց՝ շարունակել ծառայութիւն բերել յանուն Հայ եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ Լիբանանի հայկական ածուի առաւել բարգաւաճման: