
Անթիլիասի Ուխտի օրուան հսկումի արարողութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդը կը լիցքաւորուի թէ՛ մեր երկրորդ լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապ յիշատակումի խորհուրդով եւ թէ՛ տօնին հետ առնչութիւն ունեցող եւ աւանդութիւն դարձած Ուխտի օրուան վերանորոգութեամբ։ Այս արարողութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրական պատգամով կը գօտեպնդէ եկեղեցւոյ զաւակներուն քրիստոնէական հաւատքը եւ կամքը։
Առ այդ, Մայրավանքի տօնին համանուն Մայր տաճարին մէջ, Շաբաթ, 5 Ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն մը՝ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի աշակերտներու եւ հաւատացեալներու։
Արարողութեան աւարտին վեհափառը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը։
Հայրապետը խօսեցաւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի առաքելութեամբ մեզի փոխանցուած Քրիստոս-Լոյսին մասին։ Նախ կաթողիկոսը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս մեզի ընծայեց վերոյիշեալ տօնական առիթները հաւաքականօրէն նշելու կաթողիկոսարանի Մայր տաճարի երդիքին տակ եւ այս առիթով յիշեցուց սուրբին պայծառակերպող ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներուն մշակած արտին իբրեւ ոռոգիչ ջրդող՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկաւ Քրիստոս-Լոյսը տարածելու հայ ազգի կեանքին մէջ։


Շարունակելով իր պատգամը՝ Արամ Ա. յայտնեց, որ այսօրուան աշխարհը խիստ կարիքը ունի այս Լոյսին, որովհետեւ խաւարը կը տիրէ աշխարհի կենցաղակերպին եւ ժողովուրդներու մշակոյթին վրայ։ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն ետք եկած մեր բոլոր հայրապետներուն ու վարդապետներուն առաքելութիւնը դարձաւ միա՛յն ու միա՛յն Քրիստոս-Լոյսին նուիրեալ քարոզիչը ու Անոր սիրոյ տարածիչը ըլլալ», ընդգծեց վեհափառը։ Եզրափակելով իր պատգամը՝ ան ըսաւ, որ այսօր սուրբ Լուսաւորիչ իր տառապանքներուն ճամբով, մեզ անգամ մը եւս կը յիշեցնէ հաւատարիմ եւ կառչած մնալու Քրիստոս-Լոյսին եւ այդ լոյսով լուսաւորելու մեր եւ մեր շրջապատին կեանքը։
Եկեղեցական արարողութիւնը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ հայրապետին Պահպանիչ աղօթքով։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ