
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումէն 25 քոնկրեսականներ նամակով մը դիմեցին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին եւ ազգային ապահովութեան հարցերու գծով նախագահի խորհրդական Մայք Ուալցին՝ կոչ ընելով անոնց, որ երաշխաւորեն Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը եւ Հայաստանի ապահովութիւնը։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ Ֆրենք Փալոնի, Տէյվիտ Վալատաոյի, Պրետ Շըրմընի եւ Կաս Պիլիրաքիսի առաջնորդութեամբ գրուած նամակը յղուած է այն պահուն, երբ Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կնքելու համար կը շարունակէ Հայաստանին պարտադրել անընդունելի նախապայմաններ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին լուծարումը։
«Հայ Դատը կ՛ ողջունէ այս երկկուսակցական նախաձեռնութիւնը, որ դէմ կը դնէ միակողմանի զիջումներ պարտադրելու՝ Ատրպէյճանի ջանքերուն», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Նշենք, որ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած Հայ Դատի ջատագովման օրերուն ընթացքին (1էն 2 Ապրիլ), Հայ Դատի առաւել քան 100 գործիչներ յառաջ մղեցին Հայ Դատի շարք մը առաջնահերթ հարցեր՝ հանդիպումներ ունենալով օրէնսդիրներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։
Այդ առաջնահերթ հարցերուն ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը։