
Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթեկըս լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «հոյակապ» ժողովներ գումարած է:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ. հանդիպում ունեցայ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Մենք կանոնաւոր կերպով կապի մէջ ենք, եւ միշտ ալ լաւ է զանոնք դէմ առ դէմ տեսնել: Ես խանդավառ եմ եւ լաւատես նոր կառավարութեան գծով», յայտնեց Օրթեկըս՝ աւելցնելով. «Մենք «Հըզպալլա»ի ապազինման հարցը միշտ կ՛արծարծենք եւ պիտի շարունակենք կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել թշնամական արարքներու դադրեցման համար: Երկար տարիներ աջակցեցանք լիբանանեան բանակին, եւ այժմ բանակը իսկապէս կարողութիւնը ունի՝ նախագահ Աունի ղեկավարութեամբ յաւելեալ իշխանութիւն տարածելու, եւ մենք անոր պիտի օգնենք այս նպատակներուն իրագործման համար»:
Պատասխանելով «Հըզպալլա»ի զինաթափման ժամկէտին մասին հարցումին` Օրթեկըս ըսաւ. «Կարելի եղածին չափ շուտ: Անցնող տասը տարիներուն հարցերը շատ յուսաբեկիչ էին, պայթումէն (Պէյրութի նաւահանգիստի) մինչեւ ելեւմուտքի քայքայում, սակայն հիմա կան հայրենասէր խումբ մը անձեր, որոնք ճնշում կը բանեցնեն՝ իրագործելու համար տնտեսական բարեկարգումները»:
Պատասխանելով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին հարցումի մը` Օրթեկըս ըսաւ. «Լիբանանի մէջ ոչ ոքի հետ այս նիւթին շուրջ խօսեցայ: Ներկայիս մեր կեդրոնացումը թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան, «Հըզպալլա»ի ապազինման եւ տնտեսական բարեկարգումի գործադրութեան վրայ է, եւ կը յուսանք, որ հետագային կը հասնինք բանակցութիւններու, սահմանային հարցերու եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ այլ հարցերու լուծման փուլին»:
Խօսելով վերաշինութեան մասին Օրթեկըս ըսաւ հետեւեալը. «Թրամփի վարչակազմի տեսանկիւնէն՝ Կազայի, հարաւային Լիբանանի, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պէտք եղած վերաշինութիւնը չափազանց մեծ կարիքը ունի ներդրումներու: Եւ պատգամս, մասնաւորաբար հիացում յառաջացնող նոր կառավարութեան, հետեւեալն է. «Ինչպէ՞ս նոր, աւելի լաւ ձեւով կրնանք մտածել հարաւային Լիբանանի վերաշինութեան մասին»:
Օրթեկըս եզրակացուց՝ ըսելով. «Լիբանան առաջին այցելութեանս ընթացքին ինծի համար կարեւոր էր, որ «Հըզպալլա»ն Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան մէջ ներկայացուած չըլլայ, նաեւ կարեւոր էր, որ զեղծարար նախարարներ չըլլան, որովհետեւ փտածութիւնը մարդոց վստահութիւնը տկարացուց: Այն, ինչը կ՛ուզենք Լիբանանի համար, կանխիկ գումարի վրայ հիմնուած տնտեսութենէն արդիական տնտեսութեան փոխակերպման օգնելն է»: