
Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տարածաշրջանին իրավիճակը կրնայ Ատրպէյճանի համար պայմաններ ստեղծել Հայաստանի դէմ յարձակում մը սանձազերծելու:
Ըստ Միրզոյեանի՝ այս պայմաններուն մէջ Երեւան պէտք է աշխատի ապահովութեան համակարգի ամրապնդման, հասարակութեան մէջ բաժանարար գիծերու վերացման եւ անոր շահերու հետեւողական պաշտպանութեան ուղղութեամբ, եւ ոչ թէ սպասարկէ այս կամ այն արտաքին քաղաքական կողմերու շահերուն:
Միրզոյեան բացատրեց, որ Ատրպէյճանի համար Հայաստանի վրայ յարձակելու ամէնէն յարմար պատրուակը կրնայ Իրանի վրայ Միացեալ Նահանգներու ռազմական յարձակումը ըլլալ:
Նոյն ատեն, ան չբացառեց, որ յարձակումը կրնայ կատարուիլ Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու հետ համատեղ: «Սա կարող է պատրուակ դառնալ, որ Բաքուն ռազմական գործողութիւններ սկսի Իրանի հիւսիսում՝ Հայաստանի տարածքով միջանցք բացելու նպատակով: Միեւնոյն ժամանակ, յոյս կայ, որ Իրանի շուրջ իրավիճակը կը կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով: Ամէն դէպքում, մենք պէտք է ուշադիր հետեւենք իրադարձութիւններին, տեղեկութիւններ հաւաքենք եւ ճիշդ եզրակացութիւններ անենք», ընդգծեց Միրզոյեան, որ զգուշացուց, թէ Հայաստանի փոխարէն ոչ ոք պիտի պաշտպանէ Հայաստանը, եւ եթէ աջակցութիւն ցուցաբերուի, այն երկիրները, որոնք ասիկա պիտի ընեն, այդ օգնութեան դիմաց բան մը պիտի պահանջեն:
Միրզոյեան յայտնեց, որ Ատրպէյճան ուժի կիրարկման սպառնալիքին տակ կը շարունակէ զիջումներ կորզել Հայաստանէն՝ շեշտելով, որ Պաքու չի հրաժարիր իր առաւելապաշտական պահանջներէն, որոնք պատճառ պիտի դառնան Հայաստանի չէզոքացման եւ զայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կամակատարի վերածելուն:
«Այդ նպատակին հասնելու համար օգտագործւում են բոլոր հնարաւոր եւ անհնար միջոցները: Կարեւոր է խօսել ոչ թէ պատերազմի սպառնալիքի, այլ պատերազմի ընթացքի մասին, քանի որ այն չի աւարտուել, այլ միայն հիբրիդային (խառնածին) ձեւ է ընդունել: Միեւնոյն ժամանակ, Ալիեւը խօսում է ռազմական գործողութիւնների սպառնալիքի մասին՝ պատասխանատուութիւնը նախապէս Հայաստանի վրայ դնելով: Այսօր ռազմական գործողութիւնների վերսկսման հաւանականութիւնը մեծ է: «Թշնամու թիկունքում» սցենարով (բեմագրութեամբ) զօրավարժանքները Ադրբեջանն անցկացրել է նմանատիպ զօրավարժութիւններ 2020 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի դէմ ագրեսիայից (յարձակումէն) անմիջապէս առաջ», եզրափակեց Միրզոյեան: